Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մեկնարկը կատարեց տնտեսական խորհուրդներուն կազմակերպած ներդրումային ծրագիրին` Լիբանանի ենթակառոյցին վերաբերող:
Հարիրի կոչ ուղղեց պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործընկերութիւնը ամրապնդելու: Ան նշեց, որ այս ծրագիրը առիթ է, որ լիբանանեան պետութեան եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը ընթացք առնէ` աւելցնելով, որ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք «Սետր» տնտեսական խորհրդաժողովին յաջողութիւնը կախեալ է սեփական մարզին մասնակցութենէն:
Հարիրի յայտնեց, որ պետական գանձարկղի նիւթական բացը շրջանցած է 80 միլիառ տոլարի սահմանները` աւելցնելով, որ շրջանային տագնապները պատճառ դարձած են, որ լիբանանեան արտադրութեան արտածումը մեծ վնասներ կրէ, «եւ այս բոլորը կարելի է իրագործել ներդրումներու ընդմէջէն», ըսաւ ան:
Հարիրի շեշտեց, որ 6 ապրիլին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք «Սետր»-ի խորհրդաժողովը հիմնաքարն է Լիբանանի մէջ շինարարական քաղաքականութեան իրագործումին: «Կը զօրակցիմ մսխումն ու փտածութիւնը կասեցնող բարեկարգումներուն, եւ ենթակառոյցի շինութեան, որովհետեւ առանց ենթակառոյցի կարելի չէ երկիրը կառուցել:
Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2018-ի պետական ամավարկի քննարկման նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ռաէտ Խուրի եւ Եուսեֆ Ֆընիանոս, Այման Շքէյր եւ Ժամալ Ժարրահ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել:
Նիստէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հսան Խալիլ յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի Ա. եւ Բ. բաժիններուն քննարկումը ամբողջացուցած են եւ տակաւին պէտք է քննարկեն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան պիւտճէին վերաբերող բաժին մը, որ կարելի չէ եղած քննարկել ուժանիւթի նախարարին բացակայութեան պատճառով:
Խալիլ յայտնեց, որ վաղը` հինգշաբթի, պետական ամավարկը քննարկելու նախարարական յատուկ յանձնախումբը հանդիպում մը պիտի կատարէ եւ պիտի ամբողջացնէ 2018-ի ամավարկը` զայն ներկայացնելու համար նախարարաց խորհուրդին:



