Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Պատրաստ Ենք Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Որեւէ Յարձակում Ետ Մղելու Եւ Հայրենիքին Գերիշխանութիւնը Պաշտպանելու»

Մարտ 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն իր պաշտօնը ստանձնելու Ա. տարեդարձին առիթով բանակի պաշտօնաթերթին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ նշեց, որ երբ հրամանատարի պաշտօնը ստանձնած է, իրեն համար առաջնահերթութիւն եղած է Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային ազատագրումը ահաբեկիչներէն, ինչպէս նաեւ առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրի բացայայտումը: Զօր. Աուն նշեց, որ իրեն համար կարեւոր եղած է նաեւ բանակին ներքին դասակարգումի սրբագրութիւնը, Սպայից վարժարանին մէջ ռազմական մարզումներուն ամրապնդումը, նշանակումներու պարագային ատակութիւնը վերածելու կարեւոր չափանիշի, աշխուժացնելու բանակին մէջ կիներուն դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարելու լիբանանեան հանրութեան վնաս հասցնող թմրամոլութեան ախտին դէմ:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակը, զինուած ժողովրդային վստահութեամբ եւ քաղաքական հովանաւորութեամբ, կրցած է կարճ ժամանակի մը ընթացքին զինուորական բազմաթիւ նպատակներ իրագործել: «Մեծագոյն նուաճումը անշուշտ կը մնայ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը, որուն ընդմէջէն կարելի եղաւ վերջ տալ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի գոյութեան, ինչպէս նաեւ կազմաքանդել մեծ թիւով ահաբեկչական բջիջներ եւ ցանցեր` կանխարգելիչ զինուորական գործողութիւններու ընդմէջէն», հաստատեց զօր. Աուն:

Ան նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական մարտահրաւէրները շատ են` աւելցնելով, որ երկրին ապագան ուղղակիօրէն եւ նախ եւ առաջ առնչուած է ներքին ապահովական կայունութեան:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով, լիբանանեան բանակը դիմած է կարգ մը քայլերու, որոնցմէ առաջինը արեւելեան Լիբանանի սահմանային ապօրինի անցքերուն փակումն է, ինչպէս նաեւ սահմաններու հսկողութիւնը` արգիլելու համար զինեալներուն ապօրինի մուտքը Լիբանան, ինչպէս նաեւ զէնքի մաքսանենգումը, ահաբեկչական բջիջներու հալածանքի ենթարկումը եւ երկրին ապահովութիւնը խախտող որեւէ դէպք անմիջական հակակշիռի տակ առնելու յանձնառութիւնը:

Ան նշեց, որ Լիբանանին հիմնական երկու մարտահրաւէր կը սպառնայ. անոնցմէ առաջինը Շըպաայի վրայով սուրիական կողմը հասած ահաբեկիչներն են, իսկ երկրորդը` իսրայէլեան նոր սպառնալիքներն ու միշտ արձանագրուած ոտնձգութիւնները:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակը հաստատ կը մնայ իր կեցուածքին վրայ` Իսրայէլի կողմէ սահմանային պատի կառուցումը կասեցնելու առումով: «Այս իմաստով Լիբանանի Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ընդգծեց իր հողային ու ծովային սահմանները պաշտպանելու Լիբանանի իրաւունքը: Պատրաստ ենք Լիբանանի դէմ իսրայէլեան որեւէ յարձակում ետ մղելու եւ հայրենիքին գերիշխանութիւնը պաշտպանելու», շեշտեց ան:

Բանակի հրամանատարը նշեց, որ բանակը բնաւ քաղաքական եւ ընտրական հարցերու միջամուխ չի դառնար, այլ` անոր առաքելութիւնն է առողջ, ժողովրդավար եւ քաղաքակիրթ մթնոլորտի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը ապահովել:

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կը Զգուշացնէ Պետական Հաստատութիւնները, Նախարարութիւնները Եւ Ապահովական Կառոյցները Ընտրական Խաղին Միջամուխ Դարձնելէ

Յաջորդը

Պըրրի. «Յաջորդ Խորհրդարանը Պէտք Է Վերահսկողութեան, Հաշուետուութեան Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարի Իմաստով Իր Դերակատարութիւնը Ստանձնէ»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?