Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները խոչընդոտելու մասին ներքին լիբանանեան իմաստով կատարուող յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի տակ կ՛առնեն այդ ընտրութիւններուն կայացումը, նման են 1992-ի երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրեակին տիրող մթնոլորտին:
«Օրին` երեսփոխանական ընտրութիւնները կասկածի տակ առնող ապահովական տեղեկագիրներ հրապարակուեցան, բայց եւ այնպէս երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուեցան` խաղաղութեամբ, առանց որեւէ հարցի», ըսաւ ան:
Երեսփոխանական ընտրութիւնները արգելակելու հաւանականութիւններուն մասին մեկնաբանութիւններ կատարող բոլոր կողմերը պէտք է իմանան, որ աշխարհի վրայ չկայ ուժ մը, որ կրնայ խանգարել այդ ընտրութիւններուն կայացումը:
Պըրրի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը կրնայ պատճառ դառնալ երկրի քանդումին, «հետեւաբար ոչ մէկ ձեւով կարելի է այդ ընտրութիւնները խոչընդոտել, այլեւ յանձնառու կը մնանք զանոնք ճշդուած թուականին կատարելու», ըսաւ Պըրրի, վերահաստատելով, որ ինք կը մերժէ Լիբանանի գերիշխանութեան դպչիլ եւ զայն իրաւազրկել իր ծովային հարստութիւններէն:



