Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ յայտնեց, թէ կարելի չէ արտօնել, որ ոմանք Զինուորական ատեանը ցեխարձակումի թիրախ դարձնեն` ընտրական նպատակներ իրագործելու համար:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Դիմադրութեան դէմ սադրանքներու հրահրումին եւ թշնամանքին  պատասխանը պիտի ըլլայ Դիմադրութեան ցուցաբերուած յաւելեալ կառչածութիւնը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս Ժիպէյլի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոսի հետ քննարկեց Ժիպէյլի բարգաւաճման վերաբերող շարք մը հարցեր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա երէկ յայտնեց, որ Հըզպալլայի անդամ երեսփոխաններուն աշխատանքը մաս կը կազմէ կուսակցութեան քաղաքական աշխատանքին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր հաստատեց, որ աղբերու սկիզբէն տեսակաւորումը լաւագոյն լուծումն է` աւելցնելով, որ շատ կարեւոր է, որ այդ տեսակաւորումը սկսի գործադրուիլ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համխմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ Զիատ Իթանիի մասին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի յայտարարութիւնները հետաքննութեան արդիւնքները կանխելու փորձ մըն է, ինչ որ վտանգաւոր նախընթաց է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ հաստատեց, որ ընտրական այս օրէնքին լոյսին տակ կարելի չէ վարուիլ արդիւնքները երաշխաւորած ըլլալու հոգեբանութեամբ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ զարգանալ եւ յառաջդիմել, որքան ալ մարդիկ անոր դէմ դաւադրութիւններ ծրագրեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Ռիատ կատարած այցելութիւնը շատ յաջող այցելութիւն մըն էր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս հաստատեց, որ Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ գոյացած ընտրական դաշինքը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն համար ուսանելի օրինակ է

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի նկատմամբ ցուցաբերուած սէուտական զօրակցութիւնը կ՛օժանդակէ լիբանանեան ներքին հարցերուն լուծման:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Մերժահիունի, Նապաթիէի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Մեթնի մէջ անցման շեմը չի կրնար ապահովել` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ոչ մէկ շահ ունի Լիբանանեան ուժերուն հետ ընտրական դաշինք մը գոյացնելու առումով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շատ խանդավառ չէր` երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու առումով: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ռիատ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն չէ պահանջած 2005-ի եւ 2009-ի քաղաքական սուր երկփեղկումի օրերը վերադարձնել` աւելցնելով, որ մէկ շաբթուան ընթացքին Լիբանան պիտի հասնի սէուտցի պատուիրակ մը` նախարարի մակարդակով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի յաջողած է Ռիատը համոզել` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ գործակցելու ճիշդ ընտրանքին մասին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի մօտիկ ապագային պիտի այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` անոնց ներկայացնելու համար Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

 

Նախորդը

Թուրքիա Գերմանիայէն Կը Պահանջէ Ձերբակալել Եւ Արտայանձնել Սալեհ Մուսլիմը

Յաջորդը

Հարիրի Նախագահեց Պետական Ամավարկի Նիստին Եւ Մաղթեց, Որ Լիբանանցի Կինը Հանրային Կեանքին Մէջ Աւելի Լուրջ Դերակատարութիւն Ստանձնէ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Ընդունեց  Մաքրոնի Խորհրդականը
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Ընդունեց Մաքրոնի Խորհրդականը

Նոյեմբեր 14, 2025
Հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան Նախագահին`  «Դէպի Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութեան Ազգային  Ռազմավարութիւն» Խորագիրով Ազգային Խորհրդաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան Նախագահին` «Դէպի Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութեան Ազգային Ռազմավարութիւն» Խորագիրով Ազգային Խորհրդաժողով

Նոյեմբեր 14, 2025
Հաժժար. «Մեր Բռնագրաւուած Հողերու  Ազատագրումն Ու Իսրայէլեան Յարձակումներու  Դադրեցումը Անսակարկելի Ազգային  Առաջնահերթութիւն Են»
Լիբանանեան

Հաժժար. «Մեր Բռնագրաւուած Հողերու Ազատագրումն Ու Իսրայէլեան Յարձակումներու Դադրեցումը Անսակարկելի Ազգային Առաջնահերթութիւն Են»

Նոյեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?