Կը նախատեսուի, որ Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա այսօր վճիռ մը արձակէ Զիատ Այթանիի հարցով, իմանալէ ետք Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ Այթանիի հարցաքննութեան մանրամասնութիւնները եւ այսօր հարցաքննելէ ետք ներքին ապահովութեան ուժերու համակարգչային ոճիրներու հետապնդումի բաժանմունքի պատասխանատու հազարապետ Սիւզան Հաժ Հպէյշը, որ ուրբաթ գիշեր ձերբակալուած էր` Այթանիի ընկերային ցանցի անձնական հաշիւներն ու էջերը համացանցահէնութեան ենթարկել տալու յանցանքով:
Նշենք, որ Զիատ Այթանի 23 նոյեմբեր 2017-ին ձերբակալուած էր Պետական անվտանգութեան ուժերուն կողմէ եւ ամբաստանուած` Իսրայէլի հետ գործակալութեան յանցանքով, իսկ շաբաթավերջին ապահովութեան ուժերը ձերբակալած էին համացանցահէն Էլի Ղ.-ն, որ Սիւզան Հաժի ցուցմունքներով գործած էր այդ արարքը:
Այդ հարցով ձերբակալուեցաւ նաեւ Էլի Ղ.-ի կինը եւ անոր հայրը:
Այս մասին իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը. «Բոլոր լիբանանցիները Զիատ Այթանիէն ներում կը հայցեն: Անպարտ հռչակելը Այթանիի համար քիչ է, այլեւ` պէտք է հպարտանալ անոր ազգայնականութեամբ: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը նախանձին Այթանիի եւ համայնքային խտրութեամբ կը մօտենան անոր թղթածրարին, պէտք է իմանան, որ ան արժանապատիւ պէյրութցի է եւ օր մը օրանց իր արաբական պատկանելիութիւնը կասկածի տակ չէ առնուած»:
Մաշնուքի կատարած այս յայտարարութեան պատասխանեց արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, որ թուիթըրի գրառումի մը ընդմէջէն ըսաւ. «Լիբանանցիները ոչ ոքէ ներում կը հայցեն, եւ ոչ մէկ պատասխանատուի համար վայել է ընտրական իր փաստաթուղթերը ներկայացնել` ներում հայցելու նման առաջարկի մը միջոցաւ: Անպարտ հռչակումը կամ դատապարտումը դատական իշխանութեան մասնագիտութիւնն է եւ ժողովուրդին անունով միայն դատական իշխանութիւնն է, որ կը խօսի», ըսաւ Ժրայսաթի:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին շեշտեց, որ լիբանանցիները Զիատ Այթանիէն ներում հայցելու պարտաւոր չեն, աւելցնելով, որ նախարար Մաշնուք իրաւունք չունի լիբանանցիներուն անունով խօսելու: «Լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է ներում հայցեն լիբանանցիներէն իրենց պատճառած փտածութեան եւ քաոսին համար», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Աւելի ուշ Մաշնուք պատասխանեց Ժրայսաթիին, նշելով, որ ինք դատական իշխանութիւնները չէ կանխած Զիատ Այթանիի անպարտ հռչակումին առումով:
Ան նշեց, որ իր կատարած յայտարարութիւնը անձնական հանգամանքով կատարած է եւ ոչ թէ քաղաքական եւ ընտրական շահարկումի նպատակով:
«Բնաւ չեմ մտածեր ընտրապայքարս այս ձեւով մղել, իսկ Զիատ Այթանի անմեղ է: Այդ վճիռը կը ձգեմ դատախազ Ապու Ղիտայի», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումով մը շեշտեց, որ լիբանանցիները ստիպուած չեն այս հարցով ներում հայցել: «Իշխանաւորներ դուք ներում հայցեցէք եւ հրաժարեցէ՛ք: Ձեր բացայայտ գայթակղութիւնները անհամար են, իսկ ամէնէն վտանգաւորը այն է, թէ դուք ապահովական կառոյցներուն շուրջ կասկած արթնցուցած էք, բան մը, որմէ Իսրայէլ առաւելագոյն չափով կրնայ օգտուիլ: Հետեւաբար պարոն իշխանաւորներ, դուք քաղաքացիական անվտանգութիւնը վտանգի կ՛ենթարկէք, ձեր անգիտութեան պատճառով», գրեց Ժոմպլաթ:
Նշենք, որ այս հարցին մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կոչ ուղղեց բոլորին պահպանելու հետաքննութեան վերաբերող գաղտնի տեղեկութիւնները, աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւններուն ստանձնած թղթածրարները պէտք է հեռու պահել որեւէ նպատակի համար շահագործելէ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրիի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց Զիատ Այթանիի թղթածրարը քաղաքական եւ տեղեկատուական շրջանառութենէ հեռացնելու կարեւորութիւնը: Ան ընդգծեց, որ նման թղթածրարներու չարաշահումը վնաս կը հասցնէ դատական իշխանութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներու դերակատարութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Զիատ Այթանիի թղթածրարը դատական իշխանութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներուն տրամադրութեան տակ կը գտնուի, աւելցնելով, որ անոնք կը ստանձնեն այդ թղթածրարին լուծման պատասխանատուութիւնը` հեռու քաղաքականացումէ:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ առաջին փուլին այդ թղթածրարը ստանձնած է Պետական անվտանգութեան ուժերու կառոյցը եւ իր հետաքննութիւնը կատարած` հիմնուած իր ունեցած տեղեկութիւններուն վրայ: «Իսկ ներկայիս Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքն է, որ ստանձնած է այդ թղթածրարը եւ կը կատարէ իր հետաքննութիւնները: Զիատ Այթանիի հարցը դատական իշխանութեան մօտ կը գտնուի, եւ անիկա միակ հեղինակութիւնն է, որ կրնայ ապահովական կառոյցներուն դիմել` հետաքննութիւնները շարունակելու իմաստով: Հետեւաբար պէտք է վստահիլ լիբանանեան դատական իշխանութեան եւ պետութեան ապահովական կառոյցներուն», եզրափակեց հաղորդագրութիւնը:
Քաղաքական վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել անդրադառնալով այդ թղթածրարին յայտնեց, որ Զիատ Այթանի Իսրայէլի հետ գործակալութեան իմաստով խոստովանութիւններ կատարած է Պետական անվտանգութեան ուժերուն, եւ կարելի չէ անոնք չեղեալ նկատել:
Ան աւելցուց, որ դատական իշխանութիւնները կ՛ուղղուին ազատ արձակելու Այթանին եւ արգելափակուած պահելու Սիւզան Հաժն ու համացանցահէն Էլի Ղ.-ն:




