Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Ալոյսիօ Նունես Ֆերէյրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-պրազիլեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով Պրազիլի մէջ ապրող ծագումով լիբանանցի 8 միլիոն բնակիչները:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային ատեաններուն մէջ Լիբանանի նկատմամբ Պրազիլի ցուցաբերած զօրակցութեան, լիբանանեան բանակին անոր ներկայացուցած օժանդակութեան համար, յատկապէս` ռազմական մարզումներուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի ծովուժին Պրազիլի մասնակցութեան համար:
Նախագահ Աուն խնդրեց Ֆերէյրաէն զօրակցիլ Լիբանանին, որպէսզի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն թիւը եւ անոնց յատկացուած պիւտճէն չնուազի` նկատի ունենալով անոնց առաքելութեան կարեւորութիւնը հարաւային Լիբանանի սահմանային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու իմաստով: Ան նշեց, որ Իսրայէլ մնայուն կերպով ցամաքային, օդային եւ ծովային ոտնձգութիւններ կը գործէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ, սահմանային քարաշէն պատ կը կառուցէ այնպիսի տարածքներու վրայ, որոնց ինքնութեան մասին տարակարծութիւններ կան, «իսկ ներկայիս Իսրայէլ ինքզինք տէրը կը հռչակէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 9-րդ նաւթահորին», շեշտեց նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան անհրաժեշտ կը նկատէ Պրազիլի մասնակցութիւնը Լիբանանի օժանդակող միջազգային երեք խորհրդաժողովներուն` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային Լիբանանի եւ Սպանիոյ միջեւ ուղղակի թռիչքի դրութիւն պիտի հաստատուի:
Իր կարգին, Ֆերէյրա հաստատեց, որ Պրազիլ պիտի մասնակցի Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովներուն` աւելցնելով, որ Պրազիլի նախագահ Միշել Թամեր յառաջիկայ նոյեմբերին պիտի այցելէ Լիբանան` ընդառաջելով նախագահ Աունի հրաւէրին:
Ֆերէյրա հաստատեց, որ Պրազիլ յանձնառու կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ծովուժին մէջ իր առաքելութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող անդորրը:
Ան ընդգծեց նաեւ, որ Պրազիլ կը զօրակցի Լիբանանի այն կեցուածքին, որ սուրիացի տեղահանուածները պէտք է ապահով կերպով վերադառնան իրենց երկիրը:



