Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Թեկնածուներու Առաջադրումի Աւարտէն Ետք Ընտրական Դաշինքները Կրնան Յստականալ

March 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուներուն թիւին մասին կատարուած յայտարարութեան մը մէջ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ յայտնեց, որ թեկնածուներուն թիւը հասած է 720-ի: Ան նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի ըլլան Լիբանանի հարսանիքը` աւելցնելով, որ թեկնածուներուն շարքին կան մեծ թիւով երիտասարդներ եւ իգական սեռի ներկայացուցիչներ:

Այս շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Մեթնի մէջ ներկայացուց իր թեկնածութիւնը:

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Էլիաս Խազեն երեսփոխանական ընտրութիւններէն  իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց: Ան նշեց, որ ինք դէմ եղած է ընտրական նոր օրէնքին` աւելցնելով, որ այդ օրէնքը համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններուն միջեւ կորսուած օրէնք մըն է:

«Չեմ փափաքիր իմ դաշնակիցներուս հետ մրցակցութեան մէջ ըլլալ», հաստատեց Խազեն:

Նոյն համախմբումին մաս կազմող երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր իր կարգին հաստատեց, որ ընտրական դաշինքներուն մասին երկխօսութիւնը տակաւին առկայ է:

Նշենք, որ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհրդատու Միշել Հապիս իր թեկնածութիւնը առաջադրեց` փոքրամասնութիւններու իբրեւ ներկայացուցիչ:

Թեկնածութիւններ առաջադրելու կամ թեկնածութիւնը մերժելու իմաստով, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ մերժեց իր թեկնածութիւնը առաջադրել Սայտայի մէջ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի խնդրանքին ի տես` Սինիորայի պատասխանը հնչեց նուազ քան 24 ժամէն: «Անշուշտ որոշումս չի նշանակեր, թէ Մուսթաքպալ հոսանքէն կը բաժնուիմ», ըսաւ Սինիորա:

Ընտրական դաշինքները վերջնականացնելու խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ, վարչապետ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ անոր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի:

Հանդիպումէն ետք Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն նշեց, որ Հարիրի ընտանիքին եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իր յարաբերութիւնը կը մնայ գեղեցիկ ու հզօր:

Իր կարգին, երեսփոխանական ընտրութեանց թեկնածու Թայմուր Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Հարիրիի` Լիբանանը դուրս բերելու իր տնտեսական ճգնաժամէն եւ ներքին ու արտաքին իմաստով ուղղուելու դէպի աւելի կայուն Լիբանան մը:

Հարիրի Ժոմպլաթի հետ իր հանդիպումը նկատեց բացառիկ դրական առիթ մը` հաստատելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին անոնք միասին պիտի գործակցին:

Հարիրի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան` ըսելով, թէ Լիբանանեան ուժերուն հետ իր յարաբերութիւնը ռազմավարական է:

«Իսկ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային ընտրական օրէնքն է, որ կ՛իշխէ ընտրական դաշինքներուն եւ ոչ թէ քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները: Հետեւաբար ընտրական դաշինքները պիտի տարուբերին ընտրաշրջաններու եւ քաղաքական ուժերու շահերուն համաձայն», ըսաւ Հարիրի:

Ան նշեց, որ կան ընտրաշրջաններ, ուր Մուսթաքպալ ընտրական դաշինք կրնայ գոյացնել Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն հետ միասնաբար:

Անդրադառնալով Սինիորայի թեկնածութեան` Հարիրի ըսաւ, որ 2009-ին ինք դարձեալ խնդրած է Սինիորայէն իր թեկնածութիւնը առաջադրել, «իսկ այսօր` 9 տարի ետք, Սինիորա մեր ընտանիքին անդամը կը նկատուի, եւ մենք կը զօրակցինք անոր որոշումին», նշեց ան:

Հարիրի շեշտեց, որ իրենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ համաձայն են, եւ ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի ճշդուին ընտրական դաշինքները:

Սէուտական Արաբիայէն հանգիստ վերադառնալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի ըսաւ, թէ ինք Ռիատէն միշտ հանգիստ վերադարձած է:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ գործուղուած ներկայացուցիչ` տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի:

Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերուն հետ հեզասահ յարաբերութիւններուն մասին Հարիրիի յայտարարութիւնները զինք չեն զարմացուցած:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Սալամէին Թելադրեց Բնակարանային Վարկեր Ապահովել

Յաջորդը

Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը Ջնջած Է Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Պետականացման Վճիռը Եւ Որոշած Զայն Վերակառուցել

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.