Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Միջազգային Տօնին Առիթով. Նախագահ Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցի Տղամարդուն Եւ Կնոջ Միջեւ Ընկերային Տարբերութիւնները Վերացնելու Եւ Հաւասարութիւնը Ամրապնդելու

March 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յորդորեց կիները նախաձեռնելու եւ հանրային կեանքին մէջ իրենց դերակատարութիւնը ստանձնելու: «Պէտք չէ սպասէք, որ տղամարդը զիջի իր իրաւունքէն կամ դերակատարութենէն, կամ ալ կնոջ մասնաբաժինը ճշդէ: Դուք ձեր ներկայութիւնը պիտի պարտադրէք եւ քաղաքական կեանքին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ունենաք», շեշտեց նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն ողջունեց բոլոր մարզերուն` աշխատանքի, արդիւնաբերութեան, կրթութեան, արուեստի, դատական, առողջապահական եւ ազատ առեւտուրի մէջ գործող լիբանանցի կիները, որոնք նուաճումներ կ՛արձանագրեն` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, խոչընդոտներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Ան շեշտեց կիներու իրաւունքներուն համար տարբեր միութիւններուն մղած պայքարը մէկտեղելու կարեւորութիւնը, որպէսզի այդ պահանջները աւելի ազդու ըլլան:

Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց լիբանանցի տղամարդուն եւ կնոջ միջեւ ընկերային տարբերութիւնները վերացնելու եւ հաւասարութիւնը ամրապնդելու:

Այս առիթով վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին մաղթեց, որ խորհրդարանը մշակէ այնպիսի օրէնքներ, որոնք արդար կ՛ըլլան լիբանանցի կնոջ համար` վերջ տալով երկու սեռերուն միջեւ խտրութեան եւ կասեցնելով կիներուն դէմ գործուող բռնութիւնները:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզ ներկայացուց շարք մը իրաւունքներ, որոնք լիբանանցի կնոջ սեփականութիւնը պէտք է  դառնան, որոնց մէջ նաեւ լիբանանցի մօր իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքը:

Նախորդը

Պըրրի. «Յաջորդ Խորհրդարանը Պէտք Է Վերահսկողութեան, Հաշուետուութեան Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարի Իմաստով Իր Դերակատարութիւնը Ստանձնէ»

Յաջորդը

Ֆիլիփօ Կրանտի Նախագահ Աունի Եւ Ժըպրան Պասիլի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.