«Թելէ Լիւմիեր-Նուրսաթ» պատկերասփիւռի կայանի «Եկայ ծառայելու» յայտագիրի հաղորդավար հայր Էլիաս Քարամ անցեալ շաբաթ հետեւեալ խօսքով իր յայտագիրէն դիմաւորեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին.
«Մենք տակաւին կը գտնուինք Մեծ պահքի շրջանին մէջ եւ կը սպասենք Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան, իսկ երբ Մեծ պահքի մասին կը խօսինք, մեր միտքը կ՛ուղղուի դէպի Աւագ շաբաթ` տանջանքի շաբաթը: Այսօրուան մեր հիւրը անձնաւորութիւն մըն է, որ տանջանքի մասին լաւ կրնայ խօսիլ` մեկնելով իր ժողովուրդին դիմագրաւած տարիներու տանջանքներուն իրականութենէն: Ժողովուրդ մը, որ իր համբերութեամբ, պայքարով, ինքնավստահութեամբ եւ հաւատքով կրցաւ յաղթահարել դժուարութիւնները եւ հասնիլ լաւագոյն մակարդակներու: Այդ ժողովուրդը կրցաւ իր ներկայութիւնը փաստել Լիբանանի եւ այլ երկիրներուն մէջ, ուր որ հասաւ` իր հայրենի հողին վրայ իսկ իրեն դէմ գործուած ցեղասպանութենէն եւ բռնագաղթէն ետք: Մեր հիւրն է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Բարի եկած էք»:
Ապա հայր Քարամ ներկայացուց երեսփոխան Բագրատունին` զայն նկատելով իւրայատուկ անձնաւորութիւն, որուն անունը փայլած է Լիբանանի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ: «Ան քաջ անձնաւորութիւն մըն է, եւ իր ներկայութիւնը կշիռ կը ներկայացնէ, ուր որ ալ գտնուի ան: Ան ուսուցիչ է, պատասխանատու, պայքարող եւ ճկուն բանակցող», ըսաւ հաղորդավարը:
Յ. Բագրատունի համեստութեամբ յայտնեց, որ եթէ իր մասին այդ բոլոր ըսուածները ճիշդ են, ուրեմն անիկա Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած շնորհքն է:
«Ճիշդ էք, երբ կ՛ըսէք, թէ զաւակն եմ ժողովուրդի մը, որ մեծ տանջանքներ ապրած է իր պատմութեան ընթացքին: Նաեւ զաւակն եմ ընտանիքի մը, որ ցաւ տեսած է: Ցաւն ու տանջանքը մարդ արարածը կը մղեն պատասխանատուութեան` ցաւը յոյսի վերածելու` անձնական մակարդակի վրայ եւ ապա այդ յոյսը ներշնչելու ժողովուրդին: Կարելի չէ կառչած մնալ ցաւին եւ անցեալին համար արցունք թափել, եւ ցաւը կրելով տեղքայլ կատարել: Իսկ այդ ցաւին դէմ պայքարելու համար պէտք է յոյսով լեցուինք` կերտել կարենալու համար ապագան: Փառք Աստուծոյ իբրեւ ժողովուրդ մենք կրցանք յաղթահարել տանջանքն ու ցաւը: Կը ներենք, բայց չենք մոռնար եւ ամբողջ աշխարհին կ՛ապացուցենք, որ ի վերջոյ իրաւունքը կը յաղթէ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Հայր Քարամ ողջունեց երեսփոխան Բագրատունիի մէջ արաբական հարցերուն եւ արաբ ժողովուրդի դատերուն ու իրաւունքներուն պաշտպան ըլլալու անհատականութիւնը:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ լիբանանահայոց համար նախապատուութիւնը միշտ Հայաստանին է, եւ երբեմն այդ համոզումն ու մօտեցումը լիբանանեան առումով աղմուկ կը ստեղծեն, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Ես լիբանանցի եմ, ծնած` լիբանանցի հօր եւ մօր կողմէ, իսկ Լիբանանը հայրենիքս է: Հայաստանը մայր հայրենիքս է, պատմական հայրենիքս, եւ իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդի զաւակ, 301 թուականին քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած առաջին ժողովուրդի զաւակ, կրնամ հաստատել, որ չեմ կրնար մոռնալ եւ ոչ ալ պէտք է մոռնամ Հայաստանը: Եթէ երբեք Հայաստանը մոռնամ, ապա ես ինքզինքս կը պատրաստեմ մոռնալու նաեւ Լիբանանը: Ես լիբանանցի եմ եւ կը հպարտանամ լիբանանեան ինքնութեամբս, կը կրեմ միայն լիբանանեան անցագիր եւ ոչ թէ հայկական, արաբական, ամերիկեան կամ եւրոպական անցագիրներ, ինչպէս է պարագան լիբանանցի քաղաքական այլ անձնաւորութիւններու: Ես մարտահրաւէր կրնամ կարդալ ոեւէ անհատի, որ Լիբանան եկած է երկու դար կամ չորս դար առաջ: Դրական մօտեցումով կրնանք ըսել, որ Լիբանան տարածք մըն է, ուր հասած են տարբեր ժողովուրդներ: Եթէ մենք Քրիստոսէ առաջ տիրող ժամանակաշրջանին մասին պիտի խօսինք, ապա պիտի տեսնենք, որ Տիգրան Մեծ հասած է Լիբանան, ապա խաչակիրներու շրջանին հայեր հաստատուած են այստեղ, եւ աւելի ուշ` 17-18-րդ դարուն հայ կաթողիկէ համայնքը հասած է Լիբանան, վկայ` Զմմառու վանքը: Հետեւաբար կրնամ այս պարագային ես հարց տալ, թէ ո՞վ լիբանանցի է. Լիբանանի հաւատարիմ, Լիբանանի պատկանող, Լիբանանի համար աշխատող, Լիբանանի քանդումին չմեղսակցող եւ Լիբանանի համար զոհուո՞ղը: Ո՞ւր է հարցը, եթէ լիբանանահայութիւնը իր հայկական ինքնութիւնը կը պահպանէ: Ի վերջոյ Լիբանան բազմազանութեան երկիր է, եւ լիբանանահայութեան կողմէ հայկական իր ինքնութիւնը, քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը պահպանելը կը հարստացնէ Լիբանանը: Իսկ հայերէնը կ՛օժանդակէ, որ ես աւելին տամ Լիբանանին եւ աւելի ստանամ անկէ: Ինծի համար Լիբանանը աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ երկիրն է եւ սրտիս մէջ մեծագոյն երկիրն է` պատմականօրէն եւ աշխարհագրութեամբ»:
Վերջերս Հայաստան այցելող լիբանանցիներու թիւին արձանագրած աճին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ատիկա բնական կը գտնէ, որովհետեւ շրջանին մէջ Հայաստանը միակ երկիրն է, որ Լիբանանին կը նմանի` պատմական, քաղաքակրթական, քրիստոնէական, բարոյական եւ ընկերային մակարդակի վրայ ընդունուած կարգերու առումով:
Լիբանանահայութեան հասցէին կատարուած այն ամբաստանութեան, թէ անոնք կեթօ մըն են, Յ. Բագրատունի հակադարձեց ըսելով, թէ ինք անձամբ այդպէս չի նկատեր ինքզինք: «Ծնած եմ ու մեծցած Ռիատ Սոլհ` մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին աւարտը, գրանցուած եմ Զոքաք էլ Պլաթ, ապա փոխադրուած եմ Անթիլիաս, իսկ ամարանոցս կը գտնուի Պիքֆայա:
«Հայկական ներկայութենէն, ներկայացուցչութենէն եւ հայկական քաղաքակրթութենէն ու մշակոյթէն վնասներ կրողը միայն կրնայ նման ամբաստանութիւն արձակել: Եթէ ես ճիշդ հայերէն կը խօսիմ, հայերէնը եւ հայկական ընտանեկան սովորութիւնները պահպանած եմ, ապա ատիկա չի նշանակեր, որ ես ոչ հայ լիբանանցիին նման Լիբանանին չեմ ծառայեր: Ընդհակառակն` իւրաքանչիւրս իր ձեւով կը ծառայէ իր հայրենիքին` Լիբանանին: Կատարեալ անկեղծութեամբ եւ այլոց վկայութեամբ կրնամ ըսել նաեւ, որ լիբանանահայութիւնը իր ներկայութեամբ Լիբանանին համար յաւելեալ արժէք է, որովհետեւ ան ո՛չ քանդեց, ո՛չ առեւանգեց եւ ո՛չ ալ սպաննեց: Ճիշդ է, որ Լիբանան իր դռները բացաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան դիմաց, սակայն Լիբանան հասած հայը զոհուեցաւ այս երկրին համար եւ բարգաւաճեցուց զայն: Իսկ եթէ պիտի բաղդատենք Լիբանան հասած այլ գաղթականներու հետ, ապա յստակօրէն կրնանք տեսնել հայուն եւ ոչ հայուն տարբերութիւնը», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Հայաստանի հետ քաղաքական եւ կրօնական կապեր ունենալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ինք քաղաքական յարաբերութիւններ չունի Հայաստանի հետ` աւելցնելով, որ Հայաստան իր կատարած այցելութիւնները յաճախակի չեն: «Իսկ իբրեւ դաշնակցական, ապա պէտք է իմանաք, որ ՀՅԴ-ն կը գործէ ապակեդրոնացեալ դրութեամբ, այսինքն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ունի իր քաղաքական գործունէութիւնը: Ճիշդ է, որ կուսակցական գաղափարական գերագոյն հեղինակութիւն ունինք, սակայն մեր քաղաքական գործունէութեամբ անկախ ենք, ինչպէս է պարագան Հայաստանի, Սուրիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Եւրոպայի, Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, ուր ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը գործէ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հետ իր յարաբերութեան` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք հպարտ կը զգայ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալուն համար` աւելցնելով, որ 5 տարեկան հասակէն մինչեւ համալսարանի ուսանողական տարիները հայկական եկեղեցւոյ մէջ ծառայած է` իր հօր նման: «Իսկ մայրս եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան մաս կազմած է, ու քոյրերս դպրութիւն կատարած են Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Հայկական եկեղեցւոյ հետ իմ կապերս ամուր են թէ՛ հաւատքի եւ թէ՛ գործունէութեան իմաստով: Ինչպէս գիտէք հայ եկեղեցին ժողովրդավարական է, եւ հոն պատասխանատուութիւն ունին կղերականները եւ ոչ կղերականները: Այս իմաստով նաեւ ես իմ դերակատարութիւնս ունիմ, անդամ եմ Ազգային իշխանութիւններուն», աւելցուց ան:
Կարիքաւորներուն օժանդակելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ քրիստոնէական հաւատքը կ՛արգիլէ այդ մասին խօսիլ` աւելցնելով սակայն, որ հայկական դպրոցներուն մէջ աշակերտները մանկութենէն կը դաստիարակուին խտրութիւն չդնել թէ՛ հայուն եւ արաբին միջեւ, եւ թէ՛ քրիստոնեային ու իսլամին միջեւ: «Ի վերջոյ հացի կարօտը մարդ արարած է: Միութենական աշխատանքին շրջագիծին մէջ, եկեղեցւոյ ճամբով, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան գրասենեակներով ու կեդրոններով մենք ամէնօրեայ դրութեամբ ժողովուրդին հետ ենք` անոր ընկերային ծառայութիւն մատուցելով, պետական հաստատութիւններուն հետ անոր գործառնութիւններուն օժանդակելով: Դժբախտաբար պետութիւնը բացակայ է, իսկ անոր բացակայութեան ժողովուրդը իր ներկայացուցիչներէն` ըլլան անոնք երեսփոխաններ թէ նախարարներ, օժանդակութիւն կ՛ակնկալէ, որովհետեւ անոր կարիքը ունի», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիահայութեան օժանդակութեան` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, թէ հայութեան պարագան դուրսէն` այլ պետութիւններէ օժանդակութիւն ստացողներուն նման չէ: «Մենք չենք կրնար Հայաստանէն օժանդակութիւն խնդրել, երբ Հայաստան օժանդակութեան կարիք ունի: Եւ կատարեալ գոհունակութեամբ կ՛ըսեմ, որ մենք կատարեալ ուրախութեամբ ու հանգիստ սրտով կ՛օժանդակենք` ցաւը վերածելով յոյսի», հաստատեց ան:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը փորձէ իր նախկին եւ ներկայ դաշնակիցներուն միջեւ դաշինք գոյացնել, որպէսզի լիբանանցին յաւելեալ լարուածութիւններէ փրկէ: «Փամփուշտը կրնայ անհատ մը սպաննել, սակայն սխալ արտայայտութիւն մը կրնայ կիրքեր հրահրել եւ գրգռութիւն պատճառել: Երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին կիրակի օր, մենք բոլորս միասին պիտի ապրինք շէնքի մը մէջ, ուր կայ հայը, մարոնին, յոյնը, սիւննին, տիւրզին, շիին, կաթողիկէն, Փաղանգաւորը, Լիբանանեան ուժերը, Ազգային ազատ հոսանքը, ՀՅԴ-ն եւ այլն: Ինչու մենք չփորձենք միասին մնալ, եթէ մինչեւ շաբաթ օր մենք կրցանք միասնաբար ապրիլ, ապա ինչո՞ւ ես կիրակի օր սուր յայտարարութիւններ եւ կիրքեր պիտի կատարեմ, եւ երկուշաբթի օր վերադառնամ «սիրեցէք զմիմեանս»-ի կարգախօսին: Ինչո՞ւ այսօրուընէ չկիրարկեմ այդ կարգախօսը», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի:
Յայտագիրին աւարտին, երեսփոխան Բագրատունի իւրաքանչիւր բառի տուաւ հետեւեալ պատասխանները. Հայաստան- մայր հայրենիք, Լիբանան- վերջնական հայրենիք, ընտանիք- սրբութիւն, եկեղեցի- հաւատք, ախտերու դէմ պայքար- պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ, սակայն դժբախտաբար այդպէս չէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն- հզօր նախագահը, քրիստոնեայ նախագահը` Լիբանանին եւ Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն, երեսփոխան Միշել Մըր- եւ Ազգային ազատ հոսանք` իւրաքանչիւրը մէկ աչքի համազօր են, հաւատք- էութիւն, յոյս- ցաւին դէմ պայքար, սէր- հայ ժողովուրդը, ՀՄԸՄ- այն տղաքը, որոնք կը պայքարին ախտերէն հեռու մնալու համար:
Հարցազրոյցի աւարտին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ երիտասարդութեան` շեշտելով, որ պէտք է պահպանել երիտասարդները, յատկապէս այս ժամանակաշրջանին, երբ բարոյական արժէքները անտեսուած են եւ անոնց դիմաց բացուած համացանցի բոլոր սահմանները` վերջ տալով քրիստոնէական ու ընտանեկան աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն: «Այս բոլորը կը կատարուին մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ մտքի ազատութեան կարգախօսներուն անուան տակ: Ես կ՛ուզեմ հարց տալ պատասխանատուներուն, որ արդեօք անոնք այս կարգախօսները կ՛օգտագործեն հասնելու համար որոշ դիրքերո՞ւ, թէ՞ այդ կարգախօսներուն հիման վրայ կը դաստիարակեն նորահաս սերունդները, որպէսզի անոնք Լիբանանի պարկեշտ քաղաքացիներ դառնան», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:



