Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրին, որ գործուղուած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս:
Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, թէ ընտրական նոր օրէնքը ստիպած է, որ տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ ընտրական տարբեր դաշինքներ գոյանան: «Այն ընտրաշրջաններուն մէջ, ուր Լիբանանեան ուժերուն հետ դաշնակցելու կարելիութիւններ կան, պիտի դաշնակցինք: Գրեթէ բոլոր ընտրաշրջաններուն կարելիութիւնները սերտեցինք եւ համաձայնեցանք Շուֆի, Ալէյի եւ Պաապտայի մէջ դաշնակցիլ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն հետ», հաստատեց ան:
Խուրի աւելցուց, որ տակաւին այլ ընտրաշրջաններու մէջ Լիբանանեան ուժերուն հետ դաշնակցելու կարելիութիւններ կան` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կիրակի օր պիտի յայտարարէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածուները:
Խուրի աւելցուց, որ կարգ մը ընտրաշրջաններու պարագային Ժահժահին ըսած են, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը կը փափաքի գործակցիլ թէ՛ Լիբանանեան ուժեր եւ թէ՛ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն հետ` նշելով, որ այս իմաստով իրենք կը սպասեն Ժահժահի վերջնական պատասխանին:



