Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ եւ գնդապետ-զօրավար Հաննա Խուրի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյր եւ մաքսատան գերագոյն խորհուրդի նախագահ գնդապետ Ասաատ Թուֆայլի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները:
Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Սաատալլա Համատ կարդաց խորհուրդէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Աուն ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն տուած է իր ցուցմունքները` երկրին ապահովութեան հսկելու առումով, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն որդեգրուելիք միջոցառումներուն իմաստով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ քննարկուած են նաեւ բանակին կարիքները:
Խորհուրդը իր տուած որոշումները պահեց գաղտնի, ըստ օրէնքի:
Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շնորհաւորեց ուսուցիչները` հաստատելով, որ անոնց ասպարէզին ու կոչումին միջեւ հաւասարակշռութեան պահպանումն է, որ կ՛երաշխաւորէ անոնց յաջողութիւնը:
Նշենք, որ նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գործադիր տնօրէն Հանրիեթա Ֆուրը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն դիմագրաւած տագնապներն ու անոնց պատճառած հետեւանքները:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուած լիբանանեան ծառայութիւնները լիբանանեան պետութիւնը հսկայական վնասներու ենթարկեցին:
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է սուրիացի տեղահանուածները հետզհետէ փոխադրել Սուրիոյ ապահով շրջանները: նաեւ Ժիպէյլի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոս:



