Տեղահանուածներու հարցերով ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Ֆիլիփօ Կրանտի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ այցելեց Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը եւ անոր ունեցած հետեւանքները տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Ան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է սկսի դիւրացնել տեղահանուածներուն աստիճանաբար եւ ապահով տունդարձը` դէպի սուրիական այն շրջանները, ուր բախումները վերջ գտած են:
«Սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձը պէտք չէ առնչել Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծումին, որ կրնայ ուշանալ` արտաքին միջամտութիւններուն եւ Սուրիոյ միասնականութեան սպառնացող միջազգային ծրագիրներուն պատճառով», ըսաւ նախագահ Աուն:
Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը` Սուրիոյ պատերազմէն ութ տարի ետք, հրաւիրուած է գիտակցելու, որ Լիբանան չի կրնար աւելին հանդուրժել: Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն ողջունեց Պրիւքսելի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն նուիրուած խորհրդաժողովի կազմակերպումը` աւելցնելով, որ տեղահանուածներուն օժանդակող միջազգային կազմակերպութիւնները իրենց օժանդակութիւնները կրնան Սուրիոյ ապահով շրջաններուն մէջ ապրող բնակիչներուն յատկացնել, եւ ատիկա տունդարձի յաւելեալ խթան մը դարձնել մնացեալ տեղահանուածներուն համար:
Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանանը քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներուն եւ կրօններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի վերածելու իմաստով ցուցաբերուած միջազգային զօրակցութիւնը օրըստօրէ կ՛ամրապնդուի` յայտնելով, որ Լիբանան այս իմաստով ՄԱԿ-ի հետ մնայուն համագործակցութեան մէջ կը գտնուի:
Իր կարգին, Կրանտի նախագահ Աունին ներկայացուց սուրիացի տեղահանուածներուն գծով ՄԱԿ-ի տարած աշխատանքները` ընդգծելով Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը` տեղահանուածները հիւրընկալող երկիրներուն զօրակցելու նպատակով:
Վարչապետ Հարիրիի Հետ
Կրանտի այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը` ներկայութեամբ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպիի:
Հանդիպումին ընթացքին Կրանտի շեշտեց, որ տեղահանուածները Սուրիա փոխադրելը տակաւին կարելի չէ` աւելցնելով, որ պէտք է նախեւառաջ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատել:
Կրանտի մաղթեց, որ լիբանանցիները համբերութեամբ զինուին` աւելցնելով, որ այդ համբերութիւնը ձրի չէ: «Մենք կարիքը ունինք Լիբանանի օժանդակութեան», ըսաւ ան:
Կրանտի աւելցուց նաեւ, որ նախքան տեղահանուածներու տունդարձի ապահովումը, իրենք նաեւ կը խորհրդակցին սուրիական իշխանութիւններուն հետ` երաշխաւորելու համար վերադարձող բնակչութեան մարդկային տարրական կարիքները հոգալու անոնց կարողութիւնը:
Պասիլի Մօտ
Կրանտի այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:
Հանդիպումէն ետք Կրանտի յայտնեց, որ տեղահանուածներու հարցերու ՄԱԿ-ի գերատեսչութիւնը կը փափաքի բոլորին հասցնել այն պատգամը, թէ Սուրիոյ պատերազմին 8-րդ տարուան ընթացքին աւելի քան հինգուկէս միլիոն սուրիացիներ կը մնան տեղահանուած Սուրիոյ շրջակայ երկիրներուն մէջ, որոնցմէ աւելի քան մէկ միլիոն տեղահանուածներ արձանագրուած են Լիբանանի մէջ:
Կրանտի շեշտեց, որ Լիբանանի յատկացուող միջազգային օժանդակութիւնը միշտ առկայ է` աւելցնելով, որ այդ տագնապը ո՛չ միայն տեղահանուածներուն կը վերաբերի, այլեւ` լիբանանեան հիւրընկալ շրջանակներուն:
Կրանտի նշեց, որ յառաջիկային կարեւոր իրադարձութիւն մը պիտի արձանագրուի` Պրիւքսելի միջազգային խորհրդաժողովը, որ պիտի կազմակերպուի Եւրոպական Միութեան կողմէ: «Այդ խորհրդաժողովին է, որ պիտի քննարկուին Լիբանանի օժանդակելու հեռանկարները», ըսաւ ան:
Կրանտի յայտնեց, որ Պասիլ իրմէ խնդրած է տեղահանուածները տուն վերադարձնել` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ տիրող պայմանները ցարդ նման բան չեն արտօներ, եւ այս իրականութեան կը վկայեն Արեւելեան Ղութայի դէպքերը:
«Կ՛ըմբռնենք, որ սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալելով լիբանանցիները տառապեցան: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք լիբանանցի ժողովուրդին, որ տեղահանուածներու մարտահրաւէրը կրցաւ դիմագրաւել` իր հողին վրայ հիւրընկալելով եւ պաշտպանելով սուրիացի տեղահանուածները: Լիբանանի մէջ տեղահանուածներուն ցուցաբերուած օժանդակութիւնը ամբողջ մարդկութեան հանդէպ ցուցաբերուած ազնիւ հիւրընկալութիւն է», շեշտեց Կրանտի:
Կրանտի Պէյրութի մէջ պիտի ունենայ շարք մը այլ հանդիպումներ, որոնց արդիւնքներուն մասին յայտարարութիւններ պիտի կատարէ ուրբաթ, 9 մարտ 2018-ի կէսօրին տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: