Տեղահանուածներու հարցերով ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Ֆիլիփօ Կրանտի, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կատարեց Լիբանան եւ Սուրիա, ուր հանդիպեցաւ պետական անձնաւորութիւններու եւ պատասխանատուներու հետ, շաբաթավերջին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ իր այցելութիւններուն եւ ներկայացուց ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Սուրիացի քաղաքացիներուն յուսահատութիւնը ցոյց կու տայ սուրիական իշխանութիւններուն եւ վարչակազմին ձախողութիւնը` Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով: Ան նշեց, որ Սուրիոյ պատերազմին եօթներորդ տարուան ընթացքին տիրող կացութիւնը յուսալքող է:
Կրանտի յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն վերջ տալու քանդիչ այս տագնապին, որուն պատճառով ամէնէն աւելի սուրիացի ժողովուրդը կը տուժէ:
«Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման բացակայութեան լոյսին տակ, միջազգային ընտանիքը պէտք է հիւրընկալ երկիրներուն նկատմամբ իր օժանդակութիւնները բազմապատկէ», հաստատեց Կրանտի:
Ան ընդգծեց, որ տակաւին շատ կանուխ է սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու: Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութիւն պէտք է հաստատուի, որ կարելի ըլլայ տեղահանուածներուն դէպի Սուրիա անվտանգ վերադարձը ապահովել:



