Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2018-ի պետական ամավարկի քննարկման նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Սեզար Ապի Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ռաէտ Խուրի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Միշել Ֆարաոն, Փիեռ Ապի Ասի եւ Ժամալ Ժարրահ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել:
Նիստէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկը թիւերու եւ յօդուածներու իմաստով ամբողջացած է` աւելցնելով, որ կան որոշ կէտեր, որոնք կարիքը ունին բարեփոխումներու եւ վերատեսութեան` նախքան երկուշաբթի օրուան կառավարութեան նիստը, որ յատկացուած պիտի ըլլայ պետական ամավարկի վաւերացման:
«Հետեւաբար շատ հաւանական է, որ նախարարական յանձնախումբը կիրակի, 11 մարտի գիշերը գումարէ նիստ մը` վերջնականացնելու համար ամավարկը», ըսաւ Խալիլ:
Ան հաստատեց, որ պետական ամավարկին պարագային կարելի եղած է սեղմումներ կատարել նախարարութիւններու ծախսերուն պարագային, եւ այդպիսով նուազեցնել պետական նիւթական բացը:
Խալիլ հաստատեց, որ ինք թիւերով պիտի խօսի, երբ անոնք վերջնական դառնան:
Նշենք, որ Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան իր բնակարանին մէջ սարքեց ընթրիքի երեկոյ մը` մեծարելու համար Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի պալատներու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Շքէյրը:
Այս առիթով Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական համախոհութիւնը անհրաժեշտ է երկրին համար յաւելեալ նուաճումներ եւ կենսական ծրագիրներ իրագործելու նպատակով:
Հարիրի ընդգծեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աշխուժացնելու համար երկրին տնտեսութիւնը:
Հարիրի անդրադարձաւ նաեւ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան «Սետր» խորհրդաժողովին` աւելցնելով, որ այդ խորհրդաժողովը նախորդներէն կարելի է տարբերել այն առումով, որ երկրին ելեկտրականութեան, ջուրին, աղբերուն, առողջապահութեան, մշակութային եւ հաղորդակցութեան մարզերուն վերաբերող ծրագիրները մշակուած են եւ խորհրդաժողովին պիտի ներկայացուին:
Հարիրի աւելցուց նաեւ, որ Ծոցի երկիրները կը սերտեն իրենց քաղաքացիներուն Լիբանան վերադարձը արտօնելու կարելիութիւնը, որ իր կարգին դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ երկրին տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան վրայ:



