Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ մասնակցեցաւ արաբ ներքին գործոց նախարարներու 35-րդ խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ալճերիոյ մէջ:
Խորհրդաժողովին ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանան լիբանանեան պատասխանատուութիւն է, բայց եւ այնպէս երկար տարիներէ ի վեր անիկա նաեւ արաբական պատասխանատուութիւն է:
«Լիբանանը արաբներուն պաշտպանութեան առաջնագիծին վրայ կը գտնուի, եւ Լիբանանի ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ բոլոր արաբներուն ռազմավարական ապահովութիւնը», հաստատեց ան:
Մաշնուք նշեց, որ Լիբանան արաբական դիմագիծ ու ինքնութիւն ունի, եւ պիտի չարտօնէ, որ ան արաբական կողը խրուած փուշ մը ըլլայ: Ան կոչ ուղղեց արաբներուն Լիբանանը Իրանի կամ այլ կողմերու չյանձնելու:
Մաշնուք ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ մայիսին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք պիտի քննարկուի երկրին Պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը, որուն ընթացքին պիտի հաստատուի, թէ երկրին զինեալ ուժը կը գտնուի լիբանանեան պետութեան հակակշիռին տակ:
Մաշնուք անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ ապահովական կառոյցներուն արձանագրած նուաճումներուն` կոչ ուղղելով բոլորին մասնակցելու Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային խորհրդաժողովին, որուն նպատակն է օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:
Նշենք, որ Մաշնուք խորհրդաժողովէն ետք հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարար Ապտել Ազիզ պըն Սէուտ պըն Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզ իշխանին հետ, որ ողջունեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Ռիատ կատարած անցեալ շաբթուան այցելութիւնը, որուն ընդմէջէն երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւում արձանագրեցին:
Սէուտցի իշխանը Մաշնուքը հրաւիրեց այցելելու Սէուտական Արաբիա:
Մաշնուք հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխվարչապետ, ներքին գործոց նախարար շէյխ Սէյֆ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի, Օմանի ներքին գործոց նախարար Համմուտ պըն Ֆայսալ Պու Սաայտիի, Իրաքի ներքին գործոց նախարար Քասեմ Արաժիի եւ Յորդանանի ներքին գործոց նախարար Սամիր Մուպայտինի հետ:



