Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաղաքացիներն Են, Որոնք Կ՛որոշեն Զիրենք Խորհրդարանին Մէջ Ներկայացնելու Իմ Ատակութիւնս» Շեշտեց Յ. Թերզեան

March 23, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ առաջադրուած թեկնածու Յակոբ Թերզեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք պիտի ջանայ իբրեւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ իր փորձառութիւնը վերածել խորհրդարանական աշխատանքի` հիմնուելով նաեւ ճարտարարուեստի, մարմնակրթութեան եւ բարգաւաճման բնագաւառներուն մէջ իր ունեցած փորձառութեան վրայ:

Յ. Թերզեան ընդգծեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի, որովհետեւ համոզուած է, որ հանրային կեանքին մէջ իր տարիներու փորձառութիւնը կրնայ աւելի ընդարձակել եւ ազգային մակարդակի ծառայութիւն մատուցել երկրին:

Այս իմաստով ան նշեց, որ 6 մայիսին քուէատուփ ուղղուող քաղաքացին է, որ իրաւարարը պիտի ըլլայ իր աշխատանքի ճշդումին: «Քաղաքացիներն են, որոնք կ՛որոշեն զիրենք խորհրդարանին մէջ ներկայացնելու իմ ատակութիւնս», ըսաւ ան:

Յակոբ Թերզեան յայտնեց, որ այս շրջագիծին մէջ քուէարկող քաղաքացին պէտք է լաւ մտածէ նախքան քուէարկելը եւ ընտրէ այն թեկնածուն, որ հանրային կեանքին մէջ ընթացք ունի եւ առաջարկուած ընտրական ծրագիրը գործադրելու կարողութիւն ու պատրաստակամութիւն: Ան ըսաւ, որ երեսփոխանը չորս տարուան ընթացքին խորհրդարանին մէջ պիտի ըլլայ քաղաքացիին ներկայացուցիչը եւ իր ներկայացուցած շրջանին մտահոգութիւններն ու կարիքները պիտի հասցնէ խորհրդարան:

Անդրադառնալով հանրային կեանքին մէջ իր ունեցած դերակատարութեան` Յ. Թերզեան նշեց, որ ինք անդամակցած է «Ճարտարարուեստի մարզի ապագայ սեփականատէրեր» խմբակցութեան, որուն անդամ էր նաեւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան ներկայ նախագահ Ֆատի Ժեմայէլ: Ան նշեց, որ երկրին տնտեսութիւնը կարելի չէ հիմնել միայն զբօսաշրջութեան եւ դրամատնային բնագաւառներուն վրայ, այլեւ` պէտք է կեդրոնանալ երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի ոլորտներուն վրայ:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելու պարագային, ինծի համար առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ ճարտարարուեստի մարզի բարելաւումը, որովհետեւ այդ մարզը հազարաւոր երիտասարդներու աշխատանքի առիթներ կը ստեղծէ` միաժամանակ բարելաւելով Լիբանանի ազգային տնտեսութիւնը», ըսաւ ան:

Մարմնակրթութեան մարզին մէջ իր ունեցած փորձառութեան անդրադառնալով` Յ. Թերզեան նշեց, որ ինք Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եղած է եւ ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի ու պասքեթպոլի Ասիոյ ֆետերասիոնի նախագահ Յակոբ Խաչերեանի հետ յաջողած է 2010-ին Լիբանանի մասնակցութիւնը ապահովել Պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան: Ան նշեց, որ մարմնակրթութեան մարզը իր կարգին պիտի ըլլայ իր առաջնահերթութիւններէն` նկատի ունենալով, որ անիկա կ՛օժանդակէ համաշխարհային մակարդակի վրայ Լիբանանի պատկերը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցի երիտասարդները պաշտպանելու` ընկերութիւններուն մէջ տարածուած ախտերէն, որոնցմէ գլխաւորը թմրամոլութիւնն է:

Յ. Թերզեան նշեց, որ ինք 2010-ին ընտրուած է Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, ուր ան ներկայացուցած է մեծ թիւով բարգաւաճման ծրագիրներ, որոնցմէ Կուրօ փողոցի ճարտարապետական դիմագիծին պահպանումը, «Պահպանենք Պէյրութի ժառանգութիւնը» ծրագիրին շրջագիծին մէջ «Մասաատ» միութեան հետ գործակցաբար մայրաքաղաքի աստիճաններուն պահպանումը, որուն ծիրին մէջ կարելի եղած է Հայաշէնի աստիճաններուն 75 առ հարիւրը վերանորոգել, ինչպէս նաեւ բնակարանային կառոյցները ներկել:

Յ. Թերզեան յայտնեց, որ 2014-ին առաջարկած է ականներ բացայայտող գործիք մը ապահովել` երաշխաւորելու համար մայրաքաղաքին անվտանգութիւնը, իսկ Էշրեֆիէի Ֆասսուհ շրջանին մէջ փուլ եկած շէնքին բնակիչներուն հատուցում ապահոված է, ինչպէս նաեւ Քարանթինայի մէջ մարզական փակ համալիր մը կառուցելու, Պէյրութի մէջ Օփերա կառուցելու եւ մայրաքաղաք Պէյրութի յատուկ ֆիլհարմոնիք նուագախումբ մը կազմելու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի երթեւեկի խճողումին հարցը լուծելու պատկերացումները ներկայացուցած:

 

Նախորդը

Քանաան. «2018-ի Պետական Ամավարկին Մէջ Ներառուած Բոլոր Նախարարութիւններուն Եւ Վարչութիւններուն Պիւտճէները Վաւերացուցինք»

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատուն. «Սքրիփալի Հարցին Մէջ Կա՛մ Փաստեր Ներկայացնել, Կա՛մ Ներում Հայցել»

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.