Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տնտեսական Որեւէ Ծրագիրի Համաձայնելու Պարագային Պիտի Վստահինք Նուազուրդներուն Եւ Ոչ Թէ Փոխհամաձայնութեան Սկզբունքին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Մարտ 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն ներկայացուց Հըզպալլայի ընտրական ուղեգիծը, որուն շրջագիծին մէջ նշեց, որ Հըզպալլա բաւական լուրջ է յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին իր ներկայացուցած աշխատանքային ծրագիրին ընդմէջէն իրականացնելու իր նպատակները:

Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին` աւելցնելով, որ իրենք խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայութեան ընդմէջէն կրցած են պաշտպանել Լիբանանը եւ անոր բնական հարստութիւնները` Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան յարձակումներէն:

Ան նշեց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը միշտ կը յորդորէ երկխօսութիւն կատարելու եւ օրէնսդիր աշխատանքի միջոցով նուաճումներ իրագործելու:

Սէյիտ Նասրալլա անհրաժեշտ նկատեց դատական իշխանութիւններուն ազատ գործելու իրաւունքը` ընդգծելով, որ վերահսկող խորհուրդներուն աշխատանքը ամէն իմաստով պէտք է ամրապնդել:

Ան նշեց, որ Ծրագրաւորումի նախարարութեան հիմնումը անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի այդ նախարարութիւնը լիբանանեան պետութեան եւ կառավարութեան ներկայացնէ իր պատկերացումներն ու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ երկրին հարցերուն լուծման առումով քաղաքականութիւններ մշակէ:

Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է զինել եւ անոր դերակատարութիւնը հզօրացնել:

«Վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու օրէնքը անպայման մշակել, ինչպէս նաեւ նուազուրդի յատուկ վարչութիւն ստեղծել: Տնտեսական որեւէ ծրագիրի համաձայնելու պարագային պիտի վստահինք նուազուրդներուն եւ ոչ թէ փոխհամաձայնութեան սկզբունքին», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է թափանցիկութիւնը երաշխաւորել:

Սէյիտ Նասրալլա անհրաժեշտ նկատեց Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին դերակատարութիւնը բարելաւել եւ պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաները այդ խորհուրդին ընդմէջէն նշանակել` ապահովելով անոնց ատակութիւնը:

Ան նշեց, որ քուէարկութեան մասնակցելու տարիքը պէտք է 18-ի վերածել, իսկ Լիբանանը` մէկ ընտրաշրջանի:

Մսխումի եւ փտածութեան դէմ պայքարի իմաստով սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ տնտեսական իրավիճակը դարձած է վտանգաւոր եւ ելեւմտական քաղաքականութիւնը փոփոխութեան չենթարկելու պարագային հարցերը կրնան լրջանալ: Ան նշեց, որ մսխումի եւ փտածութեան դէմ պայքարը ազգային բացարձակ առաջնահերթութիւն է: «Իւրաքանչիւր նախարարութիւն կամ պատասխանատու մարմին ներքին  իմաստով պէտք է սկսի այդ պայքարին», ըսաւ ան եւ յանձնառութիւն յայտնեց անձամբ հսկելու այդ պայքարին:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլայի աշխատանքային ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ հաղորդակցութեան մարզի բարելաւումը, աղբի տագնապին լուծումը, քարահանքերու մարզի կազմակերպումը, հանրային փոխադրութեան դրութեան ստեղծումը, ինչպէս նաեւ դեղօրայքի շուկան ագահ մենաշնորհներու հակակշիռէն դուրս բերելու նախաձեռնութիւնը, կիներու իրաւունքներուն ապահովումը, մարդ անհատը ստրկացնելու դէմ պայքարը, 2006-ի յուլիսեան պատերազմին տուժածներուն հատուցումներ կատարելը, բանտերու իրավիճակին բարելաւումը, բանտարկեալներուն դատավարութիւնը, համաներման շնորհումը անոնց, որոնք արժանի են, թմրամոլութեան դէմ մղուելիք բուռն պայքարը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ապահովումը:

Ընտրացանկերու ճշդումին եւ թեկնածուներու առաջադրումին մասին սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլայի պատասխանատուները տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ քննարկումներ կատարեցին եւ լաւագոյն կերպով ներկայացուցին թեկնածուներն ու կազմեցին ընտրացանկերը: Այս շրջագիծին մէջ ան աւելցուց, որ Հըզպալլա ճնշում բանեցնելու, սպառնալու եւ պարտադրելու սովորութիւն չունի ոեւէ թեկնածուի պարագային: «Հետեւաբար կան ընտրաշրջաններ, ուր ընտրական դաշինքներ գոյացած են, ինչպէս նաեւ կան շրջաններ, ուր տարակարծութիւնը կը յամենայ: Այս իմաստով կացութիւնը այս է, եւ ոչ մէկ յաւելեալ տեսակէտ կամ կեցուածք ունինք աւելցնելիք», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

«Հռոմ 2» խորհրդաժողովին մասին խօսելով ան հաստատեց, որ Հըզպալլա համաձայն է լիբանանեան բանակին զինումին եւ ողջունելի կը գտնէ անոր կատարուած ամէն տեսակի օժանդակութիւն, պայմանով որ անիկա պայմանական չըլլայ:

Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը ոչ մէկ հարց ունի Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը մշակելու իմաստով, յատկապէս երբ այդ ռազմավարութեան մշակումին պիտի հսկէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը:

Ան աւելցուց, որ այս իմաստով Հըզպալլա Ազգային երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին իր պատկերացումը ներկայացուցած է:

Անդրադառնալով Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք «Սետր»-ի խորհրդաժողովին եւ Լիբանանի ապահովուելիք տնտեսական օժանդակութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, թէ պէտք է յստակացնել, որ 17 միլիառ տոլարի հասնող ենթակառոյցներու ծրագիրները նուիրատուութիւններ պիտի ըլլան Լիբանանին եւ ոչ թէ վարկեր, «որովհետեւ վարկերու պարագային կը նշանակէ, թէ անոնք 80 միլիառ տոլարի Լիբանանի նիւթական պարտքին վրայ պիտի աւելնան: Այս մանրամասնութիւնները պէտք է յստակացնել եւ քննարկել», շեշտեց ան:

Մայրերու տօնին առիթով սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց բոլոր ժողովուրդներուն մայրերը, յատկապէս նահատակներուն եւ իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող գերիներուն մայրերը:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց «Լիբանան` Ապրելու Կիրքը» Կարգախօսը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Ենթակառոյցներուն Վերաբերող Ներդրումային Ծրագիրը

RelatedPosts

Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Դատապարտէ  Արցախահայութեան Դէմ Գործուած Յարձակումը
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Դատապարտէ Արցախահայութեան Դէմ Գործուած Յարձակումը

Սեպտեմբեր 23, 2023
Միքաթի Կոչ Ուղղեց Սուրիացի Տեղահանուածներու  Թղթածրարի Լուծման Ընթացագիծ Մշակելու
Լիբանանեան

Միքաթի Կոչ Ուղղեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարի Լուծման Ընթացագիծ Մշակելու

Սեպտեմբեր 23, 2023
Ամերիկեան Դեսպանատան Դէմ Կրակոց
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատան Դէմ Կրակոց

Սեպտեմբեր 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In