Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 23, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի պահանջեց, որ կառավարական հիւանդանոցներու պաշտօնէութեան աշխատավարձերու յաւելումի հրամանագիրը վաւերացուի նախարարաց խորհուրդի յառաջիկայ նիստին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ճիգերով կը հիմնուի իսկական պետութիւնը, եւ կ՛երաշխաւորուին պաշտօններն ու ծառայութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի դաշինքը երկու հիմնական կուսակցութիւններու միջեւ ուժերու լրացում է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա հաստատեց, որ Աքքարի մէջ Լիբանանեան ուժեր պիտի գործակցին Մուսթաքպալ հոսանքին հետ` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ընտրական շահեր չկան:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ընդունեց նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանի ընտրական իրավիճակը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի շնորհաւորագիր մը յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` անոր վերընտրութեան առիթով, եւ անոր փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց «Ազմ»-ի ընտրացանկին քուէարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց ուժը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ գործադրել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ պըն Սայիտ Շամիսին, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարին, որոնք հաստատեցին, որ իրենց երկիրները կը զօրակցին Լիբանանի խորհրդարանական կեանքի վերանորոգումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական զարթօնքին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ժիլպերթ Զուէյն ընդգծեց, որ ինք պիտի մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու` աւելցնելով, որ խորհրդարանական աշխատանքին իր հասկացողութիւնը զոհողութիւնն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց Ամալ շարժումի հետեւորդներուն եւ համակիրներուն իրենց կամքը եւ տեսակէտը արտայայտելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին` պահպանելու համար նահատակներուն յիշատակը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ մաղթեց, որ գաղթականներու հարցերու նախարարութիւնը վերջ տայ քաղաքական նպատակներով գումարներու մսխումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ կարգ մը ընտրացանկեր կը ծառայեն Հըզպալլայի ծրագիրին գործադրութեան: Ան զգուշացուց մայրաքաղաք Պէյրութի որոշումը առեւանգելէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ քաղաքական յարաբերութիւնները գրեթէ խզուած են:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքին աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ընտրական օրէնքը դաշնակիցները կը դնէ դժուար եւ ծանր ընտրանքներու դիմաց:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Խալետ Տահեր վարչապետ Սաատ Հարիրիին խոստացաւ Աքքարի մէջ Մուսթաքպալի ընտրացանկին ի նպաստ մեծ թիւով քուէներ ապահովել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի աղբիւրներէն, հաստատեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը բոլոր թեկնածուներէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի եւ ոչ մէկ միջամտութիւն կատարած է ընտրացանկերու կազմութեան հոլովոյթին:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Համահայկական Համաժողովը Կը Շարունակէ Իր Նիստերը

Յաջորդը

«Բրիտանիա Պիտի Շարունակէ Օժանդակել Արսալին» Ընդգծեց Շորթըր

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու  Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ամբողջացնել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

October 23, 2026
Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն.  «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը  Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»

October 23, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Ներկայիս Չի Տոկար Որեւօ Թղթածրարի Արծարծման, Որ Ներքին Լարուածութիւններ Կը Ստեղծէ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.