Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հանրապետութեան Նախագահը Յանձնառու Է Դատախազներուն Իրաւունքներուն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Մարտ 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր:

«Հանրապետութեան նախագահը յանձնառու է դատաւորներուն իրաւունքներն ու անոնց շահերը պաշտպանելու` նկատի ունենալով երկրին ու պետութեան ելեւմտական իրավիճակը», ըսաւ նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, հովանաւորութեամբ նախագահ Աունի, Պաապտայի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը կատարողութեամբ «Երեխաներու աշխատանքին դէմ պայքարի ազգային երգչախումբ»-ին:

Այս առիթով նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեխաներուն շահագործումը ամէն իմաստով մերժելի է, եւ ամէն միջոցներով` առաջին հերթին օրէնքով եւ օրէնսդրական աշխատանքով, պէտք է արգիլել այդ ընթացքը:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց պաշտպանելու պատանիները` ֆիզիքական թէ բարոյական շահագործումէ: «Այն ընտանիքը, որ երեխան կը մղէ աշխատանքի, մուրալու, իսկ աղջնակներուն պարագային` ամուսնութեան, իր զաւակը անչափահաս եւ չկազմաւորուած վիճակին ուղղած կ՛ըլլայ դէպի անորոշութիւն: Մարդ արարածին կեանքին մէջ պատանեկութիւնը կարեւորագոյն փուլն է, որ յաջորդող տարիքային փուլերուն ընթացքին կը վերածուի մարդ արարածին հոգեկան կեանքի հիմնաքարին: Հետեւաբար պէտք է պաշտպանենք պատանիները չարաշահումներէն եւ շահագործումներէն: Երեխաները պաշտպանելու ծրագիրը անհատական կամ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու սեփական ծրագիր մը չէ, այլ` ազգային հարց մը, որ իւրաքանչիւր օրէնսդիրի եւ իւրաքանչիւր քաղաքացիի պատասխանատուութիւնն է», հաստատեց նախագահ Աուն:

Նախորդը

Վարչապետին Հետ Հանդիպումէն Ետք. Երեսփոխան Խալետ Տահեր Յետս Կոչեց Իր Թեկնածութիւնը

Յաջորդը

Ժիրայր Սեֆիլեանը Դատապարտուեցաւ 10 Տարի 5 Ամիս Ժամկէտով Ազատազրկման

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?