Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ահաբեկչութիւն գործադրած Իսլամ եղբայրներուն դպրոցը աւարտած է` աւելցնելով, որ ան տասնամեակներ շարունակ արաբ ժողովուրդին դէմ ահաբեկչութիւն գործած է եւ քաղցկեղի նման տարածուած արաբ ժողովուրդին մարմինին մէջ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի մերժեց այն ամբաստանութիւնները, որոնք կը կատարուին նախագահական պալատին հասցէին` երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջամուխ դառնալու իմաստով: Ժրայսաթի հաստատեց, որ նախագահական պալատին դէմ այդ ամբաստանութիւնները անտեղի, անճիշդ եւ ոչ առարկայական են:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը աւելի մեծ թիւով երեսփոխաններ պիտի հաշուէ: Ռիաշի բացայայտեց նաեւ ծրագիր մը, որուն համաձայն, Լիբանանի մէջ կարելի է 3 շաբթուան ընթացքին ելեկտրականութիւն արտադրել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ պաղեստինեան ազգային միասնականութիւնը ամէն ինչին հիմքն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին ճիգերը պիտի կեդրոնանան պետական ամավարկի վաւերացումին վրայ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլան կը փափաքի Գաղթականներու հատուցման սնտուկի գումարները ընտրական նպատակներով ծախսել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի երէկ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանը պաշտպանած է իսրայէլեան բռնարարքներէն եւ ահաբեկչութենէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էմիլ Ռահմէ երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերընտրութեան առիթով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք պիտի պայքարին անատակ մրցակիցներուն դէմ, որպէսզի երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջողութիւն արձանագրեն ծրագիրները եւ ոչ թէ անհատները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը ընտրական նոր դաշինքներ եւ նոր մարտավարութիւններ կը պարտադրէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ աժան շահեր ապահովելու նպատակով տարակարծութիւններու մէջ պիտի չներքաշուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի Զահլէէն յայտարարեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի լաւապէս կը սերտէ կարելիութիւնները` որոշելու համար, թէ ընտրապայքարը որո՛ւն կողքին պիտի մղուի: Ան նշեց, որ Զահլէ ոսկեայ կշիռ մըն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը կրէ թափանցիկ պետութեան ծրագիրը, որուն մէջ փոքր պետութիւններուն գոյութիւնը մերժելի են:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժերը եւ Մուսթաքպալ հոսանքը Պեքաայի մէջ Հըզպալլայի դէմ լարելու առումով սէուտական փորձեր կան:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի միջեւ հանդիպումը առիթ ստեղծած է Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ ընտրական քննարկումներուն վերսկսելու: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը այցելած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի` ճշդելու համար Պաապտայի ընտրացանկը:

 

Նախորդը

2018-ին Գերմանիոյ Մէջ Թրքական Կառոյցներու Դէմ Գործուած Է 37 Յարձակում

Յաջորդը

Քանաանի Նախագահած Յանձնախումբը Շարունակեց Վաւերացնել Նախարարութիւններուն Պիւտճէները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?