Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա Յետս Կոչեց Իր Թեկնածութիւնը

Մարտ 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա երէկ յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը` 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Իր խօսքը ուղղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ իր ընկերներուն` Նիքոլա յայտնեց, որ 28 տարուան պայքարէ (որոնցմէ 13 տարին` խորհրդարանին մէջ) ետք, ինք շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մեթնի բնակչութեան, որոնք իրենց վստահութիւնը շնորհեցին իրեն:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններէն թեկնածութիւնս յետս կը կոչեմ եւ կը հեռանամ մաքուր ձեռքով, ինչպէս մեզմէ կը պահանջէր մեր ղեկավարը` զօր. Աուն: Այսօր ես խորհրդարանէն դուրս կու գամ նիւթական աւելի վատ վիճակով, քան ինչ որ էի, երբ հանրային կեանք մուտք գործեցի: Ներկայ քաղաքական իրավիճակը փոփոխութեան կարիքը ունի, հետեւաբար ես իմ ներկայացուցած քաղաքական հոսանքիս կ՛օժանդակեմ, որ այս պաշտօնին ձգտողներուն առիթ տայ, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն կը մաղթեմ», հաստատեց ան:

Նիքոլա աւելցուց, որ ինքզինք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի տրամադրութեան տակ կը դնէ` զայն նկատելով իր հայրը, եղբայրը, բարեկամն ու ուսուցիչը:

Համախմբումի Ընթացիկ Նիստ

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովը լիբանանեան բանակին տրամադրեց այն զօրակցութիւնը, որ կը գոհացնէ մեր ակնկալութիւնները:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին ծրագիրը ուսումնասիրելու ընթացքին պէտք է իրապաշտ ըլլալ, «եւ անշուշտ այդ իմաստով մեր դիտողութիւնները ունինք», աւելցուց ան:

Ժրայսաթի նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին նուիրուած «Պրիւքսել 2» խորհրդաժողովին առումով կեցուածքներ ունին` աւելցնելով, որ այս իմաստով զիրենք ցեղապաշտութեան յանցանքով ամբաստանելը, անհիմն եւ անհեթեթ մօտեցում է, «որովհետեւ մենք լուծումներ կ՛առաջարկենք, հակառակ բոլորին, որոնք հարցին ետին կը պահուըտին», ըսաւ Ժրայսաթի:

Արդարութեան նախարարը յայտնեց, որ յաղթանակը քուէատուփերով պիտի ներկայանայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, որ իր ընտրացանկերը պիտի յայտարարէ շաբաթ, 24 մարտին:

Ժրայսաթի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջամտելու իմաստով նախագահական պալատին կամ հանրապետութեան նախագահին ուղղուած որեւէ ամբաստանութիւն արժանի չէ պատասխանի: «Հանրապետութեան հզօր նախագահի մը դէմ յարձակիլը շահաբեր չէ», ըսաւ ան:

Նախորդը

Լիբանանի Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդի Ընդհանուր Նիստ. Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան Ներկայացուց Իր Նախագահած Յանձնախումբին Աշխատանքային Ուղեգիծը

Յաջորդը

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Վերածելու Հարաւային Լիբանանի Սկզբունքներուն Շուրջ Հանրաքուէի

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?