Ռաս Նաքուրայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը, որուն մասնակցեցան լիբանանեան բանակը, իսրայէլեան ուժերն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծը պահպանելու քայլերը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնն ու հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերու հեռացման կարեւորութիւնը:
Զօր. Պերի շեշտեց սահմանային բախումներու հաւանականութիւնը նուազեցնելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ պէտք է միշտ գործակցիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ:
Ան ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը քաջալերեն լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը` սահմանային տարածքներուն շուրջ տարակարծութիւններուն իմաստով ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ հարցերու ու բախումներու դուռ չբանալու համար:
«Խաղաղ լուծումները բոլորին շահերուն կը ծառայեն, եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է դաստիարակել ապագայ սերունդները», շեշտեց զօր. Պերի: