Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Սէուտական Յարաբերութիւնները

May 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները:

Հանդիպման աւարտին Պուխարի լրագրողներուն յայտնեց, որ այս բարեկամական այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Միքաթին ռամատանի եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու յաղթանակին առիթով:

Միւս կողմէ, տարբեր անձնաւորութիւններ եւ պատուիրակութիւններ ընդունելու ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանը շրջապատող շրջանային եւ միջազգային ճնշող ուժերը կը պարտադրեն ամրապնդել Լիբանանեան ներքին իրավիճակը` արագացնելով նոր կառավարութեան ձեւաւորումը եւ կեդրոնանալով տնտեսական ու նիւթական իրավիճակներուն լուծման վրայ` հաշուի առնելով պետութեան նիւթական կացութիւնը եւ պարտքի ճգնաժամը: Ան աւելցուց, որ պէտք է նաեւ նոր աշխատելաոճ որդեգրել` պայքարելու համար տարածուած փտածութեան դէմ տարբեր մարզերուն մէջ եւ լուծումներ գտնել Լիբանանի վարչակազմին տագնապալի իրողութեան:

Միքաթի աւելցուց, որ յառաջիկայ փուլին առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի Լիբանանը շրջանի հրդեհներէն եւ տագնապներէն հեռացնելուն` կիրարկելով ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը եւ համախոհութիւն գոյացնելով քաղաքական ընդհանուր  գիծերու շուրջ:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին` Միքաթի յայտնեց, որ իրենք խորհրդարանական ընտրութիւններուն էջը դարձուցած են եւ արդէն իսկ սկսած են իրագործել ինչ որ խոստացած էին Թրիփոլիի, Մինայի, Տըննիէի ե ամբողջ Հիւսիսային Լիբանանի համար:

Ան աւելցուց, որ իրենք միշտ լաւատես են եւ կ՛անկալեն կառուցել պետութիւն, աշխուժացնել հաստատութիւնները, պահպանել ազգային միասնութեան պաշտպանութիւնը եւ ամրապնդել պետութեան հիմնական կեդրոնները, որպէսզի անոնք իրենց լիարժէք դերը կատարեն:

Ան աւելցուց, որ քաղաքական եւ ազգային գետնի վրայ իրենք պիտի աշխատին կազմել պետական դաշինք, որ բոլոր լիբանանցիներուն ձգտումները կը միաւորէ, ներառեալ փտածութեան դէմ պայքարը, ապրուստի եւ կենսոլորտային տագնապները` աշխատելով գործի առիթներ ստեղծել:

Ան նշեց, որ իրենք կապի մէջ են Մարատա հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, որուն իրենց եղբայրն ու ընկերը կը նկատեն` տրուած ըլլալով, որ երկուքն ալ լաւ գիտեն Թրիփոլիի առանձնայատկութիւնը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր անունը պիտի առաջադրուի՞ իբրեւ վարչապետի պաշտօնի թեկնածու, Միքաթի ընդգծեց, որ իրեն համար հիմնական կէտն է աջակցիլ եւ պաշտպանել վարչապետութիւնը, անկախ անկէ, թէ ո՛վ է վարչապետը: Ըստ անոր, վարչապետ նշանակելու մեքանիզմ կայ, եւ իրենք կը յարգեն ու կը հետեւին սահմանադրական այդ գործիքակազմին:

Նախորդը

Մաշնուք Շորթըրի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Օժանդակութեան Միջազգային Խորհրդաժողովներէն Օգտուելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Հարիրի Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին Պիտի Մեկնի Ռիատ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.