Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Նիստին բացումը կատարուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով Կազայի մէջ զոհուած պաղեստինցի նահատակներուն յիշատակը:
Ապա խօսք առաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ խստիւ դատապարտեց պաղեստինեան բռնագրաւուած հողերուն վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ողջունելով պաղեստինցի ժողովուրդին հակազդեցութիւնը:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ հարցը միշտ կը մտահոգէ զինք եւ ուշադրութեան արժանի է` աւելցնելով, որ ինք այդ մասին բազմիցս խօսած է յատկապէս արաբական գերաստիճաններուն, ինչպէս նաեւ իրեն այցելող օտար պատուիրակութիւններու ներկայութեան:
Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան մերժած է Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատել եւ ընդգծած անոր ներկայացուցած արժէքը:
Ան ըսաւ, թէ այս հարցին մասին ուրբաթ օր Պոլսոյ մէջ գումարուելիք Իսլամական երկիրներու արտակարգ վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէր մը յղուած է նաեւ Լիբանանին: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այդ վեհաժողովին Լիբանանը պիտի ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ այդ վեհաժողովէն գործնական քայլեր դուրս գան եւ ոչ թէ կեցուածքներ, որոնք ապարդիւն են: Ան հաստատեց, որ Պաղեստինի գծով արձանագրուած արաբական անտարբերութիւնն ու թերացումները անընդունելի են, որովհետեւ անոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կը ձգեն պաղեստինեան դատին վրայ:
Նախագահ Աուն շնորհաւորեց լիբանանցիներն ու յատկապէս իսլամները` ռամատան ամսուան առիթով, մաղթելով բարիք, բարգաւաճում, կայունութիւն եւ խաղաղութիւն:
Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` նշելով, որ հակառակ տիրող կասկածներուն, երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուած են եւ համաձայն են ընտրական նոր օրէնքին: Ան խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ ամէն բան կասկածի տակ առնելու եւ յոռետեսութեան մօտեցում ցուցաբերելու երեւոյթը` նկատել տալով, որ անիկա հետեւանք է տեղեկատուական արշաւի մը, որ լուսարձակներէ հեռու կը պահէ ամէն բան, որ դրական է:
Նախագահ Աուն նշեց, որ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի երկուշաբթի, 21 մայիս 2018-ին, որմէ ետք կառավարութիւնը կը վերածուի ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան:
Ան շնորհաւորեց լիբանանցիները երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու առիթով` մեծապէս գնահատելով ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն, պաշտպանութեան եւ արդարութեան նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն ջանքերը` ընտրութիւնները կազմակերպելու եւ գործադրելու առիթով:
Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու ուրախութիւն արտայայտելու նպատակով օդին մէջ կրակելու սովորութեան, որուն պատճառով զոհեր կ՛արձանագրուին, կոչ ուղղեց նաեւ ապահովական կառոյցներուն խիստ գտնուելու նման պարագաներու հետ:
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի ըսաւ, որ Կազայի մէջ պատահածը մեծ դաւադրութիւն է` տիրանալու պաղեստինեան հողերուն, աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքը յստակ է այս իմաստով:
Հարիրի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը հսկայ նուաճումներ արձանագրած է` շնորհիւ նախագահ Աունի եւ քաղաքական համախոհութեան:
Ան նշեց, որ թէեւ քաղաքական առումով մակընթացութիւն եւ տեղատուութիւն արձանագրուած է, սակայն անիկա շինիչ է` նկատի ունենալով, որ երկրին վարչակարգը ժողովրդավարութիւնն է, զոր պէտք է պահպանել:
Հարիրի ըսաւ, թէ ազատութիւնը կարեւոր է, սակայն անիկա պէտք չէ օգտագործուի վարկաբեկելու համար ուրիշները: Ան դրուատեց նախագահ Աունի ընտրութիւնը, խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումը եւ կառավարութեան բոլոր նուաճումները` հաստատելով, որ անիկա արդիւնք է լիբանանեան քաղաքական համախոհութեան եւ լիբանանեան արտադրութիւն է, առանց այս կամ այն կողմին միջամտութեան:
Հարիրի նշեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի նոր փուլ` շեշտելով, որ լիբանանեան միասնականութիւնն է, որ պիտի պահպանէ երկիրը:
Կառավարութեան նիստէն ետք ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի նշեց, որ կառավարութիւնը արտօնած է Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանին` մայրաքաղաքին մէջ կառուցելու «Սէն Ժորժ» անունով համալսարան մը:
Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը զարգացնելու ծրագիրին, Ռումիէի ճամբան միացնելու Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի առաջարկին, ջուրի ընկերութիւններուն մէջ աշխատող պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումին, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի նախարարութեան ներկայացուցած նուազուրդի համաձայնագիրին եւ ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերուն աշխատանքի միամեայ երկարաձգումին:
Նշենք, որ նիստէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ իրենք վերապահ գտնուած են ելեկտրականութեան եւ կազի թղթածրարի վաւերացման առումով` աւելցնելով, որ պրէօվէի քննութիւնը ջնջելու առաջարկը մերժուած է:
Կառավարութիւնը իր վերջին նիստը պիտի գումարէ Պաապտայի մէջ, երկուշաբթի, 21 մայիս 2018-ին: