ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ տակաւին կը գտնուին կառավարութեան յաջորդ կազմը քննարկելու վիճակէն բաւական հեռու փուլի մը մէջ:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին նկատմամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ցուցաբերած վարուելակերպը ցեղապաշտական է եւ անմարդկային:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի մամլոյ գրասենեակը հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահի եւ փոխնախագահի ընտրութեան մասին իրենց կեցուածքը պիտի ճշդուի Հզօր Լիբանան համախմբումի երեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ամերիկեան վարչակազմի ճշդած նոր պատժամիջոցներն ու Լիբանանի վրայ անոնց ունենալիք հետեւանքները: Ռիչըրտ Մաշնուքը շնորհաւորեց երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումին եւ յաջողութեամբ կայացման առիթով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ժոմպլաթի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի նախագահ Նազիհ Նաժարին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ շեշտեց, որ Հիւսիսային Մեթնի մէջ երկու մարոնի երեսփոխան ունենալը պատմութեան մէջ արձանագրուած նախընթաց մըն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ահաբեկիչներու ցանկին մէջ Հըզպալլայի ղեկավարներու անուններուն արձանագրութիւնը պատասխան մըն է Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Հըզպալլայի արձանագրած յաջողութեան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Մարիօ Աուն կոչ ուղղեց արագացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` հիմնուելով խորհրդարանին մէջ իւրաքանչիւր պլոքի ապահոված ներկայացուցչութեան տոկոսին վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահին ընտրութեան մասին կեցուածք կարելի չէ արտայայտել, նախքան Մուսթաքպալ պլոքի նիստը:


