ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Հորթաալայի մէջ իր շրջուն ջոկատները կրակոցի թիրախ դարձուցած երեք յանցագործներ:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ հաստատեց, որ կրթական կարգ մը հաստատութիւններ յարձակումի թիրախ կը դառնան, եւ կարգ մը դպրոցներու պարագային ծնողական խորհուրդները քաղաքականացած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք կ՛ուղղուին վարչապետի թեկնածութեան համար առաջադրելու Սաատ Հարիրիի անունը: Ժահժահի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր: