Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Սալամէ. «Լիբանանեան Թղթոսկիին Վիճակը Կայուն Է, Եւ Կը Փնտռենք Միջոցներ` Լուծելու Համար Համաշխարհային Տոկոսներու Բարձրացումը»

May 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը եւ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը պահպանելու Կեդրոնական դրամատան աշխատանքը:

Հանդիպումէն ետք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը շեշտեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելը իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ համաշխարհային դրամական շրջանակներուն մէջ եւ դրական արձագանգներ ունեցաւ` նշելով, որ լիբանանեան թղթոսկիին վիճակը կայուն է:

Սալամէ նշեց, որ նախագահ Աունին հետ քննարկած են նաեւ լաւագոյն միջոցներու որդեգրման հարցը` համաշխարհային տոկոսներու եւ քարիւղի սակերու աճի խնդիրի լուծման համար: Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պահպանած է օտար դրամանիշներու իր մեծ պահեստը,  արձանագրելով պահ դրուած գումարներու աճ` դրամատնային մարզին մէջ:

Ան բացատրեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ որդեգրուած նորագոյն պատժամիջոցները, յատկապէս երբ անոնք ընդգրկեցին նաեւ Ծոցի երկիրները:

Նախագահ Աուն նաեւ ընդունեց Լիբանանեան-պրազիլական միութենէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Պասսամ Հատտատի, որ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց միութեան աշխատանքները եւ Լիբանանի ու Պրազիլի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Հատտատ միութեան անունով հանրապետութեան նախագահին շնորհակալութիւն յայտնեց զինք ընդունելու համար եւ շեշտեց, որ Լիբանանեան-պրազիլական միութիւնը կը նպատակադրէ ամրապնդել երկու ժողովուրդներուն միջեւ կապը եւ կը ներկայացնէ ամէնէն գեղեցիկ համակեցութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ յունիս ամսուան ընթացքին պիտի սկսին ուղղակի թռիչքներ Լիբանանի եւ Մատրիտի միջեւ, որուն նպատակն է Լիբանանը կապել յատկապէս Լատին Ամերիկայի երկիրներուն` ուղղակի թռիչքներու միջոցով, ինչ որ պիտի դիւրացնէ արտերկրի լիբանանցիներուն, յատկապէս Լատին Ամերիկայի բնակիչներուն Լիբանան այցելութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ երկրին տարբեր մարզերը աշխուժացնելու եւ զարգացնելու իմաստով լիբանանեան պետութեան կարողութիւնները կասկածի տակ պէտք չէ առնել եւ պէտք չէ յոռետես ըլլալ:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ նոր կառավարութիւնը ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կազմուի, որպէսզի անիկա Լիբանանի շահերը աւելի լաւ կերպով պաշտպանէ:

Ան նշեց, որ ինք կազմուելիք յաջորդ կառավարութիւնը պիտի նկատէ օրուան իշխանութեան կառավարութիւնը` աւելցնելով, որ այդ կառավարութիւնը պիտի իրականացնէ ամէն ինչ, որ կարելի չէ եղած վերջին շրջանին իրագործել:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ նորընտիր խորհրդարանի նախագահի եւ դիւանի ընտրութենէն անմիջապէս ետք, երեսփոխանական պլոքները պիտի հրաւիրէ պարտադիր խորհրդակցութիւններու:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլորին վստահելու պետութեան եւ գործադրուած աշխատանքներուն հետեւելու:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Նորընտիր Երեսփոխաններ

Յաջորդը

Հարիրի Ընդգծեց Աշխատանքի Առիթներ Ստեղծելու Եւ Սեփական Մարզը Զօրացնելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.