Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Նորընտիր Երեսփոխաններ

Մայիս 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նորընտիր երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէն, որ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին բնական նկատեց այցելութիւններու շարքը սկսիլ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիով, որ իրենց առաջին դաշնակիցն է եւ նշեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շարք մը հարցեր, յատկապէս խորհրդարանական աշխատանքի յաջորդ փուլին վերաբերեալ: Ֆրենժիէ յոյս յայտնեց, որ նախագահ Պըրրի կը վերընտրուի խորհրդարանի նախագահ` նշելով, որ Մարատա հոսանքը անոր առաջին կողմնակիցն է:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ յանձնախումբերու ու կառավարութեան կազմութեան հարցին եւ ինք եկած է Պըրրիէն խորհուրդ ստանալու ու օգտուելու անոր փորձառութենէն: Ան յոյս յայտնեց, որ յաջորդող օրերուն ձեւաւորուին դաշինքները եւ պլոքները:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մարատա հոսանքը խորհրդարանական համախմբում պիտի կազմէ՞, Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ արդէն իսկ կը պատրաստուի խորհրդարանական համախմբումը, որ պիտի բաղկանայ 7 երեսփոխաններէ` աւելցնելով, որ քանի մը օրուան ընթացքին համախմբումի անդամներուն անունները յայտնի կը դառնան: Ան նաեւ նշեց, որ կապ կը հաստատուի բարեկամներու ու դաշնակիցներու հետ` համախմբումը կազմելու գծով:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ աւելի մեծ նախարարական մասնաբաժին պիտի պահանջե՞ն, Ֆրենժիէ նշեց, որ Մարատա հոսանքը նախապէս ուրիշ չափ ունէր, բայց հիմա չափը փոխուած է, հետեւաբար կառավարութեան մէջ ալ չափը կը փոխուի: Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ամէնէն կարեւոր կէտը այն է, որ Մարատա համախմբումը կը բաղկանայ տարբեր համայնքներէ, յարանուանութիւններէ ու շրջաններէ եւ կազմուած է ազդեցիկ մարդոցմէ: Ըստ անոր, հակառակ անոր որ համախմբումը շատ մեծ պիտի չըլլայ, այսուհանդերձ անոր բարոյական արժէքը մեծ պիտի ըլլայ:

Իսկ անդրադառնալով խորհրդարանի փոխնախագահի ընտրութեան հարցին` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ այս հարցին անդրադարձած են Պըրրիի հետ եւ յոյսով են, որ Մարատա հոսանքէն մէկը կ՛ըլլայ խորհրդարանի փոխնախագահը: Սակայն, ըստ անոր, հաւանական է, որ փոխնախագահը պատկանի խորհրդարանական մեծագոյն պլոքին:

Խորհրդարանի նախագահը նաեւ ընդունեց նորընտիր երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մրատը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող շրջանին եւ յառաջիկայ մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Մրատ լրագրողներուն յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է նոր իրադարձութիւնները, յաջորդող փուլը, խորհրդարանի նախագահին եւ փոխնախագահին ընտրութիւնները: Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահը պիտի ըլլայ Նեպիհ Պըրրի, իսկ փոխնախագահ` Էլի ֆըրզլի: Մրատ ընդգծեց, որ Պըրրի չ՛ուզեր ուշացումը կառավարութեան կազմութեան, որ պէտք է համաձայնութեամբ ըլլայ: Ըստ Մրատի, ատիկա պիտի ըլլայ ի նպաստ երկրին, որովհետեւ երկիրը շատ բաներու կարիքը ունի, ինչ կը վերաբերի տնտեսական, ապահովական եւ ընկերային կացութիւններուն:

Ապա, խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նորընտիր երեսփոխան Ժան Օպէյտը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը եւ ընտրութիւններուն յաջորդող շրջանը:

Նեպիհ Պըրրի նաեւ ընդունեց ընտրուած երեսփոխան Ատնան Թրապուլսին, որ հանդիպման աւարտին լրագրողներուն յայտնեց, թէ իրենք յոյս ունին, որ աշխատանքը պիտի սկսի պետական հաստատութիւններու կառուցումը շարունակելու փուլով, յատկապէս երբ պիտի հանդիպին 23 մայիսին ընտրելու խորհրդարանի նախագահը, փոխնախագահը եւ խորհրդարանի դիւանի անդամները: Թրապուլսի ընդգծեց, որ իրենք առաջադրած են Նեպիհ Պըրրիի թեկնածութիւնը խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին համար, որովհետեւ ան չափաւորական է, ազգային երեւելի անձնաւորութիւն է, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն ու ապահովութիւն կերտողն է այս երկրին մէջ:

Նեպիհ Պըրրի ապա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Պիրնել Քարտելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի զարգացումները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ռիատ Սալամէ. «Լիբանանեան Թղթոսկիին Վիճակը Կայուն Է, Եւ Կը Փնտռենք Միջոցներ` Լուծելու Համար Համաշխարհային Տոկոսներու Բարձրացումը»

RelatedPosts

Պու Սաապ` Իսրայէլացիներուն. «Եթէ Քաղաքական  Ձեր Վերլուծումը Լրտեսներու Տեղեկութիւններուն Վրայ  Կը Հիմնէք, Ապա Փոխեցէ՛ք Զանոնք»
Լիբանանեան

Լիբանանեան Համատարած Զօրակցութիւն` Հայ Ժողովուրդին

Սեպտեմբեր 30, 2023
Լիբանանեան Համատարած  Զօրակցութիւն` Հայ Ժողովուրդին
Լիբանանեան

Լիբանանեան Համատարած Զօրակցութիւն` Հայ Ժողովուրդին

Սեպտեմբեր 29, 2023
Լիբանանեան

Մամլոյ Արձակուրդ

Սեպտեմբեր 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In