Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող շրջանը:
Միքաթի նշեց, որ Պըրրին շնորհաւորած է` երեսփոխանական ընտրութիւններուն անոր արձանագրած յաջողութեան, ինչպէս նաեւ ռամատանի տօնին առիթով:
«Ռամատանի տօնին առիթով կը շնորհաւորեմ նաեւ լիբանանցիները եւ անոնց կը փոխանցեմ բարեմաղթութիւններս», ըսաւ Միքաթի` աւելցնելով, որ իրենք կը զօրակցին Պըրրիի թեկնածութեան` խորհրդարանի նախագահութեան առումով:
Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ կառավարութեան կազմութեան մասին քննարկումներ չէ կատարած, սակայն խորհրդարանի նախագահին հետ համաձայն է, որ վարչապետին պէտք է զօրակցիլ` ո՛վ որ ալ ըլլայ ան:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ղազի Արիտի, որ նշեց, թէ ինչպէս անցեալին, յաջորդ փուլին ընթացքին եւս Պըրրի պիտի ըլլայ քաղաքական յարաբերութիւնները զսպողն ու լիբանանեան քաղաքական հաւասարակշռութիւնը եւ համագործակցութիւնը պահպանողը:
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի ազգային միասնականութեան կառավարութեան` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր ունեցած հանդիպումին յստակ դարձած է, որ իր եւ նախագահ Աունի վարչապետի թեկնածուն Սաատ Հարիրին է:



