Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պեքաայի Սըրհին Ֆաուքա գիւղաքաղաքին մէջ Շուման ընտանիքի անդամներուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ:
Զինեալ բախումներուն պատճառով զոհուեցան լիբանանեան բանակի յիսնապետ Հիւսէյն Մըֆլեհ Շուման եւ Մունա Ալի Շուման, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցան 5 ուրիշներ:
Լիբանանեան բանակի զօրամաս մը ուղղուեցաւ Սըրհին եւ միջամտեց` վերջ տալու համար զինեալ բախումներուն եւ շրջանին մէջ վերահաստատելու համար կայունութիւնը:
Բանակը ձերբակալեց զինեալ բախումներուն մեղսակցած երեք յանցագործներ եւ գրաւեց ձեռնառումբեր ու մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք: Բանակը կը շարունակէ հետապնդել այդ բախումներուն մասնակցած մնացեալ մեղսակիցները:



