Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի համար ամէնէն կարեւորը բոլորին արդար ներկայացուցչութիւնն է եւ կառավարութեան կազմէն ոչ ոքի բացակայութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յանձնառու է կազմելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ աշխատանքն ու իրագործումը իր առաջնահերթութիւնը կը նկատէ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաամէ Թոհմէ հաստատեց, որ Մուխթարա ազգային-արաբական ամրոց մըն է, որ բարկութեան արտայայտութիւններէն չի ցնցուիր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժորժ Աթալլա ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները դրական մթնոլորտի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ընթացքը` Ֆիթրի տօնէն ետք:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ քաղաքական իրենց կացութիւնը խոստմնալից է, եւ իրենք կը գտնուին քաղաքական գործունեայ դիրքի վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց կացութիւնը հանդարտ պահելու, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական եւ տնտեսական տագնապները լուծելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը բացուած է, որպէսզի յարմարագոյն լուծում ապահովուի անոր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ տեղեկատուական մարզին վերաբերող նոր օրէնքին ու կանոնին մէջ անկարելի է ընդգրկել արհեստագիտական ամբողջ բարգաւաճումը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ փոխվարչապետի պաշտօնը լիբանանեան պետութեան հիմնական եւ կարեւորագոյն պաշտօններէն մէկն է: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին Լիբանան կրնայ իր նոր նախարարաց խորհուրդը ունենալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատու մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերը կառչած կը մնան փոխվարչապետի պաշտօնին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ ոմանք շրջանցեն իրենց ներկայութիւնը եւ ներկայացուցչութեան տարողութիւնը` յաջորդ կառավարութեան մէջ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք կը մերժեն այս կամ այն քաղաքական ուժը լուսանցքայնացնելու փորձերը` հաստատելով, որ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւնը պէտք է համապատասխանէ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչութեան համեմատութեան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը անկարելի է առանց նոր կառավարութեան:

 

Նախորդը

Միջազգային Դաշինքի Օդանաւեր Հարուածեցին Տէր Զօրի Գիւղական Շրջանին Մէջ Գտնուող Սուրիական Բանակին Մէկ Դիրքը

Յաջորդը

Միքաթի Եւ Շորթըր Ընդգծեցին Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.