Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ Ֆրանսայէն. «Պէտք Է Օգնել Լիբանանին Իրականացնելու Գաղթականներու Ապահով Վերադարձը»

June 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ֆլորանս Պարլիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ «Հռոմ 2» վեհաժողովին ընթացքին Ֆրանսայի կողմէ խոստացուած դրամաշնորհի եւ վարկերու նիւթը` օգնելու համար լիբանանեան բանակին եւ սկսելու այդ խոստումներուն գործադրութեան մեքանիզմը, ինչ կը վերաբերի լիբանանեան բանակի կարիքներուն, որոնց ծիրին մէջ են զէնքեր եւ զինուորական սարքեր, վարժողական ծրագիրներ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն եւ զանոնք ամրապնդելու միջոցներուն:

Սարրաֆ բացատրեց գաղթականներուն ունեցած ժխտական հետեւանքները լիբանանեան հիւսուածքին վրայ` շեշտելով, որ գաղթականներուն իրաւունքն է ապահով Սուրիա վերադարձը, եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց օգնել Լիբանանին իրականացնելու այս վերադարձը:

Սարրաֆ վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը միջազգային որոշումներուն, յատկապէս 1701 որոշումին, եւ ներկայ համագործակցութիւնը լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ` նշելով, որ Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը:

Իր կարգին, Պարլի ընդգծեց Ֆրանսայի վճռականութիւնը կանգնելու Լիբանանի կողքին եւ աջակցելու անոր հաստատութիւններուն` շեշտելով լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը պահպանելու կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ մատնանշելով պատմական յարաբերութիւնները, որոնք Լիբանանը կը կապեն Ֆրանսային:

Սարրաֆ նաեւ հանդիպում ունեցաւ սպառազինութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու գլխաւոր ղեկավարութեան եւ ֆրանսական ծովային ուժերու հրամանատարութեան հետ:

 

Նախորդը

Կիտանեան. «Լիբանանցիներուն Կը Սպասէ Խոստմնալից Զբօսաշրջական Եղանակ Մը»

Յաջորդը

Հարիրի Լիբանանցիները Շնորհաւորեց Ֆիթրի Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.