ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն, վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիէն, Թամմամ Սալամէն եւ Ֆուատ Սինիորայէն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանէն եւ մեծ թիւով նախարարներէ ու երեսփոխաններէ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պէտք է հրաւիրէ ազգային երկխօսութեան մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Թաէֆի համաձայնագիրը ճշգրիտ կերպով գործադրելու քննարկումը:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի ընդգծեց, թէ աշխատանքով եւ փոփոխութիւններով է, որ լիբանանցի ժողովուրդը կրնայ պետութիւն, հանրապետութիւն եւ հզօր հաստատութիւններ հիմնել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա կոչ ուղղեց վերջ տալու քաղաքական բանավէճին եւ ուղղուելու քաղաքական շինիչ երկխօսութեան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա անընդունելի նկատեց սուրիացի տեղահանուածներուն կողմէ տիրող կացութեան չարաշահումը եւ դէպի լիբանանեան շուկայ անոնց «ներխուժում»-ը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը` հաստատելով, որ նոր դահլիճ մը ունենալը աւելի քան կարեւոր է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ անհաւանական նկատեց մօտիկ ապագային կառավարութեան կազմութիւնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Միշել Մուաուատ կոչ ուղղեց ցեխարձակումներուն վերջ տալու եւ հանրապետութեան նախագահին շուրջ համախմբուելու:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրէ ետք ժամերով թռիչքներ գործեց Մերժահիունի եւ անոր շրջակայ գիւղաքաղաքներուն վերեւ` խախտելով լիբանանեան գերիշխանութիւնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով Լիբանանի վրայ միջազգային դաւադրութիւն կայ, ինչպէս որ է պարագան նաեւ Միջազգային դատական ատեանին: Մարիօ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի չուշանայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի հաստատեց, որ խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայութիւնը ցուցադրական պիտի չըլլայ` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի արդար պիտի ըլլայ Աքքարի հաշուոյն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու ազգային միասնականութեան պահպանումը իրենց հիմնական նպատակներէն են:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Սաատ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն մաս չի կազմեր այս կամ այն անհատին լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ համախոհութեամբ եւ արդար ներկայացուցչութեամբ կարելի է ուղղուիլ դէպի կառավարութիւն մը, որ բոլորին իրաւունքներուն կը հսկէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց արագօրէն կազմելու կառավարութիւնը, որպէսզի ան կարենայ լուծել լիբանանցիներուն կենցաղային հարցերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ ընտրապայքարը վերջ չէ գտած, այլ նոր սկսած է` աւելցնելով, որ այս տարուան երեսփոխանական ընտրութիւնները փորձ-ընտրութիւններ էին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես ընդգծեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը ամբողջական իրաւունք ունի` յաջորդ կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքը ներկայացնելու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա, իր խօսքը ուղղելով առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիին, յայտնեց, որ դեղորայքի ոլորտին դիմագրաւած հիմնական հարցը դեղորայք ներածող կարգ մը ընկերութիւններն են եւ ոչ թէ դեղագործները:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձն ու գործունէութիւնը պէտք չէ կասկածի տակ առնել:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յուսալքուած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ու ներկայ իշխանութեան հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերէն եւ այդ պատճառով ալ ներկայ իշխանութիւնը որակած է ձախող իշխանութիւն: Ըստ նոյն օրաթերթին, Մուսթաքպալ հոսանքը Ընկերվար յառաջդիմական, Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն հետ հաղորդակցութիւններ կը կատարէ` կացութիւնը հանդարտեցնելու նպատակով:


