Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն. «Սուրիացի Գաղթականներուն Իրենց Երկիր Վերադարձը Չի Կրնար Քաղաքական Լուծման Սպասել»

June 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Լիբանանի` միջազգային աջակցութեան խումբի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն իրենց երկիր վերադարձը չի կրնար սպասել սուրիական տագնապին քաղաքական լուծման, որ կրնայ որոշ ժամանակ տեւել: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի կարելիութիւնները այլեւս չեն կրնար արտօնել, որ շարունակուի անոնց կեցութիւնը Լիբանանի հողին վրայ` ոչ յստակ ժամանակով, տրուած ըլլալով, որ ատիկա ժխտական ազդեցութիւններ ունեցաւ տարբեր մակարդակներու վրայ, յատկապէս` տնտեսական վիճակին, ուր Լիբանանին վնասները կը գերազանցեն 10 միլիոն տոլարը:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան ունի յանձնառութիւններ ՄԱԿ-ի եւ բարեկամ երկիրներու հանդէպ եւ ուշադիր է, որ պահէ այդ սերտ յարաբերութիւնները յատկապէս այն երկիրներուն հետ, որոնք օգտակար կը դառնան Լիբանանին, եւ որոնց Լիբանան միշտ երախտապարտ է:

Ան ըսաւ, որ իրենք չեն կասկածիր ոչ երկիրներու, ոչ ալ անձերու վրայ, ընդհակառակը` Լիբանանը կը կարծէ, թէ քաղաքական յանձնառութիւնները կը փոխուին, գետնի վրայ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն համաձայն, եւ Լիբանան այլեւս չի կրնար սպասել սուրիական տագնապի լուծման, որպէսզի գաղթականները վերադառնան իրենց երկիրները: Նախագահը ընդգծեց, որ վերադարձը կարելի է դէպի Սուրիոյ ապահով եւ կայուն շրջաններ` նկատել տալով, որ Սուրիոյ տարածութիւնը Լիբանանին հինգ անգամն է: Նախագահը նշեց, որ իրենք հաւատարիմ կը մնան իրենց յանձնառութիւններուն` սուրիացի քաղաքացիներուն հանդէպ եւ իրենց պահանջն է սկսիլ վերադարձի գործընթացին, որովհետեւ Լիբանանը այլեւս կարելիութիւն չունի այս բեռը տանելու:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատար Պիրնել Քարտիլ անդամ երկիրներուն աջակցութիւնը յայտնեց ազգային միասնական կառավարութեան կազմութեան, «Հռոմ 2», Պրիւքսել եւ Փարիզ վեհաժողովներու որոշումներու իրագործման: Ան նշեց, որ անդամ պետութիւնները պիտի շարունակեն աջակցիլ Լիբանանին եւ գործակցիլ Լիբանանի միասնականութեան, կայունութեան եւ անկախութեան համար:

Ապա, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Եւրոպական Միութեան եւ արաբական երկիրներու լիկայի ներկայացուցիչները իրենց կարգին ներկայացուցին իրենց երկիրներուն կեցուածքը Լիբանանի կացութեան վերաբերեալ եւ հաստատեցին Լիբանանի կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը, նաեւ անդրադարձան իրենց կեցուածքին` սուրիացի գաղթականներու հարցին շուրջ:

Ապա նախագահ Աուն ներկայացուց Լիբանանի կեցուածքը այս հարցերուն վերաբերեալ եւ ներկաներուն ներկայացուց տնտեսական ուսումնասիրութիւնը, որ ցոյց կու տայ տնտեսական վնասներուն չափը, զոր Լիբանան կրած է սուրիացի գաղթականներուն կեցութեամբ:

Նախորդը

Հարիրի Լիբանանցիները Շնորհաւորեց Ֆիթրի Տօնին Առիթով

Յաջորդը

«Ազրպէյճան Իրաւունք Ունի Զինուորական Ճամբով Լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը» Կ՛ըսէ Ասքերով

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.