Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամատ Ֆաթհալիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Արսլան մեծապէս գնահատեց Լիբանանի մէջ Ֆաթհալիի գործունէութիւնը, որուն շնորհիւ ամրապնդուեցան լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:
Արսլան ընդգծեց, որ Իրանի հետ իրենց ուղեգիծը կը նոյնանայ` աւելցնելով, որ իրենք կը գործեն նոյն ծրագիրին` Դիմադրութեան ծրագիրին ներքեւ, որպէսզի թշնամի Իսրայէլին դէմ պայքարը շարունակեն:
Արսլան հաստատեց այդ պայքարին կարեւորութիւնը` լիբանանցիին եւ շրջանի ժողովուրդներուն արժանապատուութիւնը պահպանելու նպատակով:
Արսլան շեշտեց, որ իսրայէլեան սպառնալիքները արդէն իսկ նուազած են եւ տկար կը հնչեն, որովհետեւ պարտութեան ժամանակաշրջանը աւարտած է եւ ներկայիս յաղթանակներու ժամանակաշրջանը սկսած է:
Արսլան իր խօսքը աւարտեց ընդգծելով, թէ ցաւալի է, որ ոմանք քաղաքականութեան մէջ միայն կանաչ դրամանիշը կը փնտռեն` աւելցնելով, որ անոնք չեն կրնար իրենց նմանիլ, իսկ իրենք` անոնց:



