ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքին կարմիր մազութի օգտագործումը պիտի դադրի եւ պիտի օգտագործուի կանաչ մազութը: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ապի Խալիլ շեշտեց, որ ինք այս մասին տեղեակ պահած է նաեւ կառավարութիւնը:
ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ իրենք մօտէն կը հետեւին անարդարօրէն աշխատանքէ արձակուած ուսուցիչներու թղթածրարին: Ան շեշտեց, որ իրենք այս հարցին հետ պիտի վարուին օրէնքի եւ կանոնի սահմաններուն մէջ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ Պաալպեքի շուկային մէջ կրակելու յանցանքով ձերբակալեց Տ. Ա.-ը:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուած նոր հաւասարակշռութեան հիման վրայ կարելի է նոր կառավարութիւնը կազմել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մաղթեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք եղած ցուցմունքները տայ պետական վարչութիւններուն, որպէսզի անոնք Ռաս Պաալպեքի, Քաայի եւ Հերմելի, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Պեքաայի մէջ արձանագրուած ողողումներուն եւ հողի սահանքներուն պատճառած վնասները հատուցէ:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն զգուշացուց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած խուսանաւումներէն` աւելցնելով, որ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի սպառնալիքները կրնան վերածուիլ իսկական բռնարարքներու:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ հաստատեց, որ Մուսթաքպալ պլոքին մաս չկազմող սիւննի երեսփոխաններն ալ իրաւունք ունին կառավարութեան մէջ ներկայացուելու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա կոչ ուղղեց հատուցելու Մեթնի արագ մայրուղիին վրայ հողային տարածքներ ունեցող անհատներուն իրաւունքները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի կոչ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին հետ գործակցելու եւ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն նպաստելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութեան նպատակով գումարուած Հռոմի խորհրդաժողովը յաջող ընթացած է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ շեշտեց, թէ լիբանանեան բանակի հրամանատարը հաստատած է, որ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը մօտալուտ է:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան նշեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ քննարկած է Պաալպեք-Հերմելի մէջ տիրող կացութիւնը եւ կը սպասէ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն առնելիք գործնական քայլերուն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքին առած քայլերը ցոյց կու տան, թէ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պիտի բնակեցուին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող պայմաններն ու մարտահրաւէրները կ՛ենթադրեն ազգային միասնականութեան կառավարութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ուարտէ կոչ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի ստանձնած պարտականութիւնը դիւրացնելու` ընդգծելով երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն արդար ներկայացուցչութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ կոչ ուղղեց արագ եւ ժողովրդային քայլերու չդիմելու` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման գծով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ ներկայացուելու չափի հարցը գրեթէ լուծուած է` աւելցնելով, որ հիմնական խնդիրը փոխվարչապետի պաշտօնին ներկայացուցչութեան կը վերաբերի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, այս շաբաթավերջին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ծրագրած ընտանեկան արձակուրդը ցուցանիշ է, որ նախարարաց խորհուրդի կազմութեան հոլովոյթը երկարատեւ պիտի ըլլայ: