Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Էլիաս Խազենի հետ եւ անոր ստանձնած պարտականութիւններուն համար յաջողութիւն մաղթեց: Խազեն այցելեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրայի հետ: Հանդիպումին...

Նախագահ Աուն Իմացաւ Տնտեսական Ազգային  Ծրագիրին Մանրամասնութիւնները Եւ Լիբանանեան  Իրադարձութիւնները Քննարկեց Ժոմպլաթի Հետ

Նախագահ Աուն Իմացաւ Տնտեսական Ազգային Ծրագիրին Մանրամասնութիւնները Եւ Լիբանանեան Իրադարձութիւնները Քննարկեց Ժոմպլաթի Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Տնտեսական ազգային ծրագիրին մանրամասնութիւններուն: Այդ ներկայացումը կատարեցին տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի եւ ծրագիրը պատրաստած «Մըքքենզի» տնտեսական խորհրդատուական ընկերութիւնը ներկայացնող խմբակը: Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, նախագահի խորհրդատու Միրէյ Աուն Հաշեմ, Ծոցի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու հարցով նախագահ Աունի խորհրդատու Ֆատի Ասալի եւ վարչապետ...

Նախարար Ալի Քանսօ Ոչ Եւս Է

Նախարար Ալի Քանսօ Ոչ Եւս Է

Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Հաննա Նաշեֆ, կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ կուսակցութեան պատասխանատուները երէկ առաւօտեան գուժեցին կուսակցութեան նախկին ղեկավարին` պետական նախարար Ալի Քանսոյի մահը: Ղովմի կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ 70 տարեկան Ալի Քանսօ ամբողջ հինգ տասնամեակ ծառայած է կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարութիւնը ստանձնած ամէնէն զգայուն ու դժուար փուլերուն ընթացքին: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ.  Կառավարութեան Կազմութեան Ուշացումը  Արգելք Պիտի Հանդիսանայ Երկրին  Տնտեսութեան Աշխուժացումին

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. Կառավարութեան Կազմութեան Ուշացումը Արգելք Պիտի Հանդիսանայ Երկրին Տնտեսութեան Աշխուժացումին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան կազմութիւնը` նշելով, որ քաղաքական ուժերէ կազմուելիք կառավարութեան համար ամէնէն կարեւորը անոր քաղաքականութեան շուրջ գոյանալիք համաձայնութիւնն է, որպէսզի ան իր ազդեցութիւնը ունենայ նաեւ երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն վրայ: Խորհուրդը նշեց, որ կառավարութեան կազմին մէջ նկատի առնուելիք նախարարները կրնան...

Ֆաթհալի. «Լիբանանի Մէջ Դիւանագիտական  Ներկայացուցչութեան Տարիներս  Ամէնէն Աւելի Կը Խօսին Սրտիս»

Ֆաթհալի. «Լիբանանի Մէջ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութեան Տարիներս Ամէնէն Աւելի Կը Խօսին Սրտիս»

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի Լիբանանի մէջ դիւանագիտական իր առաքելութիւնը աւարտելու առիթով ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին նշեց, որ ինք երկու տասնամեակէ ի վեր իր երկրին դիւանագիտական ներկայացուցչութեամբ կը զբաղի` հաստատելով, որ այդ առաքելութենէն ամէնէն աւելի Լիբանանի մէջ իր ծառայութեան օրերն են, որոնք սրտին կը խօսին: Ֆաթհալի հաստատեց, որ ինք Միջին Արեւելքի եւ շրջանին հարցերը հետապնդելով պիտի շարունակէ զբաղիլ`...

Ռիչըրտ. «Լիբանանեան  Պետականաշինութեան  Աշխատանքին Մեր Զօրակցութիւնը  Պիտի Շարունակենք»

Ռիչըրտ. «Լիբանանեան Պետականաշինութեան Աշխատանքին Մեր Զօրակցութիւնը Պիտի Շարունակենք»

Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ նախանցեալ երեկոյեան դեսպանատան մէջ կազմակերպեց տօնակատարութիւն մը` ներկայութեամբ իշխանութեան երեք պետերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ նախարարներու եւ երեսփոխաններու, որոնց շարքին էր նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան: Այս առիթով Ռիչըրտ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան պատմական հոլովոյթին` կարեւոր նկատելով երկրին ապահովութեան նկատմամբ պետական անձնաւորութիւններուն ստանձնելիք պատասխանատուութիւնը: Ան...

Երկրաշարժ` Լիբանանի Մէջ

Երէկ` չորեքշաբթի, 4 յուլիս 2018-ի ուշ երեկոյեան երկրաշարժ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ: Հարաւային Լիբանանի, Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի բնակիչները զգացին երկրաշարժի ցնցումները: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, երկրաշարժի կեդրոնը Մեռեալ ծովուն շրջանն էր, իսկ ուժգնութիւնը` 4,6 ռիխթըր:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը: Տըրիան բարձր գնահատեց բանակին եւ անոր հրամանատարութեան դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը ամրապնդելու աշխատանքին մէջ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը մնացած է նոյնը, իսկ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 100...

Պասիլ Եւ Ռիաշի Ընդգծեցին Հանդարտութիւնը  Պահելու Կարեւորութիւնը

Պասիլ Եւ Ռիաշի Ընդգծեցին Հանդարտութիւնը Պահելու Կարեւորութիւնը

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ երէկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ, որուն յայտնեց, թէ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի իր մօտ պիտի ուղղուի` շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները: Ռիաշի երեկոյեան հասաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պասիլի հետ` ներկայութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ...

Նախագահ Աուն Պիտի Ընդունի Ժոմպլաթը`  Քննարկելու Համար Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթը

Նախագահ Աուն Պիտի Ընդունի Ժոմպլաթը` Քննարկելու Համար Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ` քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ այլն: Հանդիպումներուն կողքին նախագահ Աուն շարունակեց իր խորհրդակցութիւններն ու հաղորդակցութիւնները` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերեալ: Այս շրջագիծին մէջ նշենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք այսօր կէսօրուան ժամը 12:30-ին հանդիպում մը պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահին հետ:...

Ֆաթհալի Հրաժեշտի Այցելութիւն  Կու Տայ Սէյիտ Նասրալլայի

Ֆաթհալի Հրաժեշտի Այցելութիւն Կու Տայ Սէյիտ Նասրալլայի

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հանդիպումին մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա ողջունած է Ֆաթհալիի ի գործ դրած ջանքերը` նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ...

«Մեր Նպատակը Այն Է, Որ Լիբանան Դառնայ  Միջին Արեւելքի Զբօսաշրջական Առաջին Վայրը»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Մեր Նպատակը Այն Է, Որ Լիբանան Դառնայ Միջին Արեւելքի Զբօսաշրջական Առաջին Վայրը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մշակած է զբօսաշրջական ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը կարելի է սկսիլ ընթացաւարտ կառավարութեան կողմէ կամ ալ զայն փոխանցել նոր կազմուելիք կառավարութեան: Ան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նպատակն է Լիբանանը դարձնել Միջին Արեւելքի զբօսաշրջական առաջին վայրը: Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ տեղեկատուութեան մարզը իր դերակատարութիւնը ունի զբօսաշրջութեան մէջ` աւելցնելով, որ Լիբանանը լուսաւոր...

Սինիորա. «Լիբանանի Մէջ Ոչ Մէկ Համայնք  Կամ Յարանուանութիւն Կրնայ Այս Կամ Այն Պետական  Պաշտօնին Մենաշնորհը Ունենալ»

Սինիորա. «Լիբանանի Մէջ Ոչ Մէկ Համայնք Կամ Յարանուանութիւն Կրնայ Այս Կամ Այն Պետական Պաշտօնին Մենաշնորհը Ունենալ»

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ այս փուլին ընթացքին անհրաժեշտ կը նկատուի երկրին սահմանադրութեան, օրէնքներուն եւ կանոններուն վերադառնալը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան իր հեղինակութիւնը վերադարձնելը` կառավարական, պետական ու վարչական պաշտօնները յանձնելով ատակ անձնաւորութիւններու: «Լիբանանի մէջ ոչ մէկ համայնք կամ յարանուանութիւն կրնայ այս կամ այն պետական պաշտօնին...

Շէյխ Քապալան Ընդունեց Ազգային  Ազատ Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Շէյխ Քապալան Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուիի եւ ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Կապի Լայեունի, երեսփոխաններ Էտկար Թրապուլսիի, Էտի Մաալուֆի, Ժորժ Աթալլայի եւ դոկտ. Խալիլ Համատէի: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը շէյխ Քապալանին յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը կ՛իյնայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ երկրին հոգեւոր եւ քաղաքական հեղինակութիւններուն կատարուած...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱԱԼՊԵՔԻ մէջ 12-ամեայ պատանի մը իր հօր ատրճանակին հետ խաղցած պահուն սիրտէն փամփուշտ մը ստացաւ ու մահացաւ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Այն Պաալ գիւղին մէջ վնասազերծեց ձեռնառումբ մը: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու պահանջը ազգային հրատապ իրավիճակ մըն է: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ...

Նախագահ Աունի Եւ Ժահժահի Միջեւ  Հանդիպումը Դրական Աւարտեցաւ

Նախագահ Աունի Եւ Ժահժահի Միջեւ Հանդիպումը Դրական Աւարտեցաւ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հարցը, եւ  քննարկումներուն ընթացքին անոնք ոչ մէկ քաղաքական կողմի ներկայացուցչութիւնը վեթոյի ենթարկած են: «Մեկնելով այս իրականութենէն, չենք ընդունիր նաեւ, որ մեզի վեթոյի ենթարկեն` ո՛չ թիւի, ո՛չ...

Հարիրի Ռիաշիի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան Մանրամասնութիւնները

Հարիրի Ռիաշիի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Մանրամասնութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ընթացաւարտ կառավարութեան տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռիաշի շեշտեց, որ հանդիպումին մթնոլորտը եղած է բացառիկ, այնպէս ինչպէս եղած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հանդիպումը` նախագահական պալատին մէջ: Ռիաշի յայտնեց, որ իրենց հանդիպումին...

Համատէ Յայտարարեց Պաքալորէայի  Պետական Քննութեան Յաջողութեան  Համեմատութիւնները

Համատէ Յայտարարեց Պաքալորէայի Պետական Քննութեան Յաջողութեան Համեմատութիւնները

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց պաքալորէայի պետական քննութեան յաջողութեան համեմատութիւնները: Համատէ նշեց, որ պաքալորէայի ընդհանուր գիտութիւններու բաժանմունքի յաջողութեան համեմատութիւնը հասած է 92 առ հարիւրի, ընկերային եւ տնտեսական գիտութիւններու բաժանմունքինը` 83 առ հարիւրի, կենսաբանութեան բաժանմունքի յաջողութիւնը` 92 առ հարիւրի, իսկ գրականութիւն եւ մարդկային գիտութիւններու բաժանմունքի յաջողութիւնը` 80 առ հարիւրի: Համատէ յայտնեց, որ...

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց  Ամշիթի Միջազգային Փառատօնին

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Ամշիթի Միջազգային Փառատօնին

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հովանաւորութեամբ անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնապէս մեկնարկը կատարուեցաւ Ամշիթի միջազգային փառատօնին: Ամշիթի միջազգային փառատօնի կազմակերպիչները, ընկերակցութեամբ նախարար Կիտանեանին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկացուցին, որ 2018-ի ամրան Ամշիթի միջազգային փառատօնը 17-26 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ եւ պիտի ընդգրկէ բոլոր ճաշակները գոհացնող ծրագիր մը: Երրորդ անգամուան համար կազմակերպուած այս փառատօնին առիթով նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Ամշիթի ներկայացուցած աւանդները, պատմական եւ...

Մաշնուք Պուխարիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մաշնուք Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմի նախագահ Ուալիտ Պուխարիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանը յուզող հարցերը:

Page 638 of 987 1 … 637 638 639 … 987

Արխիւներ