Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ նախանցեալ երեկոյեան դեսպանատան մէջ կազմակերպեց տօնակատարութիւն մը` ներկայութեամբ իշխանութեան երեք պետերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ նախարարներու եւ երեսփոխաններու, որոնց շարքին էր նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:
Այս առիթով Ռիչըրտ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան պատմական հոլովոյթին` կարեւոր նկատելով երկրին ապահովութեան նկատմամբ պետական անձնաւորութիւններուն ստանձնելիք պատասխանատուութիւնը:
Ան մեծապէս գնահատեց Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը` կոչ ուղղելով երկրին պետական անձնաւորութիւններուն կազմելու նոր կառավարութիւնը: Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին շարունակել լիբանանեան պետականաշինութեան աշխատանքին իրենց զօրակցութիւնը:
Ռիչըրտ նկատել տուաւ, որ Ուաշինկթըն ներդրումներ պիտի կատարէ երկրին տնտեսութեան բարեկարգումին եւ ընդհանուր բարգաւաճումին համար:
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն նաեւ կրթանպաստ ապահովել լիբանանցի համալսարանականներուն, ինչպէս նաեւ զինուորական օժանդակութիւն ապահովել լիբանանեան բանակին` Լիբանանին աւելի փայլուն ապագայ մը ապահովելու նպատակով:



