Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ երէկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ, որուն յայտնեց, թէ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի իր մօտ պիտի ուղղուի` շարունակելու համար կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները:
Ռիաշի երեկոյեան հասաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պասիլի հետ` ներկայութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:
Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ Պասիլի հետ հանդիպումին նպատակն էր մթնոլորտի հանդարտեցումը, յատկապէս միջքրիստոնէական կայունութեան պահպանումը:
Ռիաշի շեշտեց, որ իրենք համաձայնած են զոյգ ուժերուն կողմէ տեղեկատուական հանդարտութեան: Ան նշեց, որ իրենք հեռաւոր անցեալը մոռցած են եւ անոր էջերը փակած, եւ աւելցուց, որ մօտիկ անցեալին մասին քննարկումներ պէտք է կատարուին եւ լուծումներու յանգին:
Ռիաշի աւելցուց, որ Պասիլի եւ Ժահժահի միջեւ հանդիպումը պիտի ճշդուի յարմար պահուն:
Ան ըսաւ, թէ Ժահժահի կողմէ Պասիլին ուղղուած յատուկ պատգամ մը չէ փոխանցած, այլ` ինք գործուղուած է քննարկելու համար երկու ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները եւ զանոնք լուծելու միջոցները:
Ռիաշի շեշտեց, որ Պասիլ յանձնառու է ու նախանձախնդիր հաշտութեան պահպանումին եւ երկրին ու քրիստոնէութեան պաշտպանութեան:
Ժահժահ-Պասիլ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն բացի վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյէն: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկեան-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, թէ համախմբումը կը վերահաստատէ, որ ինք յանձնառու կը մնայ կառավարութեան կազմութեան օրէնքներուն, այլ խօսքով` ըստ խորհրդարանական համակարգին, իւրաքանչիւր քաղաքական պլոքի ներկայացուցած խորհրդարանական կշիռով:
Քանաան ընդգծեց, որ համախմբումը կը զօրակցի այնպիսի կառավարութեան մը, որ կարողութիւն ունենայ երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ հարցերն ու թղթածրարները լուծելու:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Քանաան յայտնեց, որ այդ թղթածրարը պէտք չէ սառած մնայ: «Այս թղթածրարը լուծելու նպատակով լուրջ աշխատանք ծաւալած է, եւ անիկա յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի: Արշաւը սկսած է եւ կարելի չէ ետքայլ կատարել», հաստատեց ան: