Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Նպատակը Այն Է, Որ Լիբանան Դառնայ Միջին Արեւելքի Զբօսաշրջական Առաջին Վայրը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յուլիս 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մշակած է զբօսաշրջական ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը կարելի է սկսիլ ընթացաւարտ կառավարութեան կողմէ կամ ալ զայն փոխանցել նոր կազմուելիք կառավարութեան:

Ան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նպատակն է Լիբանանը դարձնել Միջին Արեւելքի զբօսաշրջական առաջին վայրը:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ տեղեկատուութեան մարզը իր դերակատարութիւնը ունի զբօսաշրջութեան մէջ` աւելցնելով, որ Լիբանանը լուսաւոր ու պայծառ կերպով պէտք է  ներկայացնել արտաքին աշխարհին, որպէսզի զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրութիւնը կարելի ըլլայ շարժել:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ կան զբօսաշրջական ծառայութիւններ, որոնք 5 աստղանի են, ինչպէս նաեւ կան ծառայութիւններ, որոնք 3 աստղի մակարդակի են: «2017-ին Լիբանան զբօսաշրջական ամէնէն աժան ուղղութիւնն էր, եւ Լիբանան այցելող եւրոպացի զբօսաշրջիկները մեծաթիւ են: Այս տարուան ընթացքին ֆրանսացի զբօսաշրջիկներուն թիւը 19 առ հարիւրի համեմատութեամբ աճ արձանագրած է` բաղդատած անցեալ տարուան, հետեւաբար այս կը նշանակէ, թէ Լիբանան կրնայ յաւելեալ զբօսաշրջիկներ ընդունիլ` նկատի ունենալով իր պանդոկներուն թիւը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք չէ Լիբանանի պանդոկները բաղդատել Թուրքիոյ պանդոկներուն հետ:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ օտար երկիրներու մէջ Լիբանանի մասին ծանուցողական արշաւի կարիք չկայ, որովհետեւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ծրագրած է եւ նպատակաուղղուած աշխատանք կը տանի օտար երկիրներու ճամբորդական գրասենեակներուն հետ գործակցելու` հասնելու համար անոնց ճամբորդներուն եւ ցուցմունքներ տալու այն երկիրներուն մասին, ուր կարելի է այցելել:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին Լիբանան յաւելեալ շուկաներ պիտի ունենայ, եւ կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի զբօսաշրջական աշխուժութիւնը բարելաւել:

Ան հաստատեց, որ 2018-ին զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած աճը հասած է երեք առ հարիւրի, հակառակ անոր որ այս տարի Ծոցի երկիրներէն զբօսաշրջիկներ Լիբանան չայցելեցին:

Նախորդը

Սինիորա. «Լիբանանի Մէջ Ոչ Մէկ Համայնք Կամ Յարանուանութիւն Կրնայ Այս Կամ Այն Պետական Պաշտօնին Մենաշնորհը Ունենալ»

Յաջորդը

«Մընպեժի Համաձայնութիւնը Ուաշինկթընի Հետ Աշխուժ Բանակցութիւններու Առաջին Արդիւնքն Է» Կ՛ըսէ Եալչըն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?