Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հարցը, եւ քննարկումներուն ընթացքին անոնք ոչ մէկ քաղաքական կողմի ներկայացուցչութիւնը վեթոյի ենթարկած են:
«Մեկնելով այս իրականութենէն, չենք ընդունիր նաեւ, որ մեզի վեթոյի ենթարկեն` ո՛չ թիւի, ո՛չ ալ համեմատութեան իմաստով: Կը մաղթեմ նաեւ, որ տեղեկատուութեան մարզը չանդրադառնայ կառավարութեան մէջ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ունենալիք նախարարներուն թիւին կամ ներկայացուցչութեան համեմատութեան», ըսաւ Ժահժահ:
Ան նշեց, թէ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատած է, որ Ազգային ազատ հոսանքն ու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իր երկու աչքերը կը ներկայացնեն` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է իրենց պահանջներուն առաստաղը նոյն բարձրութեան վրայ պահեն:
Ան նկատել տուաւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնը բնական երեւոյթ կը նկատէ, «մինչդեռ Լիբանանեան ուժերուն հետ չգործակցիլը անբնական է», աւելցուց ան:
Լրագրողներուն հարցումներէն մէկուն պատասխանելով` Ժահժահ հաստատեց, որ նախագահ Աունի հետ պաշտպանութեան ռազմավարութիւն չեն վաւերացուցած, սակայն կառավարութեան կազմութեան ընթացագիծ մը ճշդած են:
Վստահելի աղբիւրներ Պաապտայի հանդիպումը շատ դրական նկատեցին եւ հաստատեցին Ժահժահի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպում մը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Փիթըր Ժըրմանոսի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Աքուրայի եւ Եամմունէի միջեւ տիրող կացութիւնն ու երկու շրջաններուն միջեւ արձանագրուած բանավէճին եւ հարցերուն վերջ տալու կարեւորութիւնը:
Դատախազ Ժըրմանոս շեշտեց, որ նախագահ Աուն այս հարցին անձամբ կը հետեւի եւ անհրաժեշտ կը նկատէ անոր լուծումը:
Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, թէ Աքուրայի եւ Եամմունէի հարցը լուծման ընթացքին մէջ է` աւելցնելով, որ իրեն համար այդ զոյգ գիւղաքաղաքները մէկ են, եւ անոնց բնակիչները պէտք է մէկ ընտանիքի նման ապրին, ինչպէս եղած է պարագան ամբողջ պատմութեան ընթացքին:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ընթացաւարտ կառավարութեան մէջ փտածութեան դէմ պայքարի նախարար Նիքոլա Թուէյնին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Քննարկումի առարկայ դարձան յատկապէս պենզինի, բանջարեղէնի եւ պտուղի մաքսանենգումին կապուած հարցեր:
Թուէյնի շեշտեց, որ ապահովական կառոյցները եւ մաքսատունը դիմած են այնպիսի քայլերու, որոնք կը կասեցնեն մաքսանենգումը: Ան նշեց նաեւ, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է լիբանանեան-իրաքեան յարաբերութիւններու թղթածրարին վերաբերող զարգացումները` նախագահ Աունի Իրաք կատարած այցելութեան ընթացքին սկսած քննարկումներուն շարունակութեան իբրեւ հետապնդում:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ: Քննարկուեցան Ժեզզինի եւ Սայտայի վերաբերող հարցեր:
Ասուատ նախագահ Աունին ներկայացուց Ժեզզինի պետական հիւանդանոցին մասին ամբողջական տեղեկագիր մը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Փաքիստանի դեսպան Աֆթապ Ահմետ Խորխեր, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Պաալպեքի միջազգային փառատօնի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Նայլա տը Ֆրէյժի, որ հանրապետութեան նախագահն ու Առաջին տիկինը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու Պաալպեքի փառատօնի բացումին` ուրբաթ, 20 յուլիսին:
 
			


