Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ այս փուլին ընթացքին անհրաժեշտ կը նկատուի երկրին սահմանադրութեան, օրէնքներուն եւ կանոններուն վերադառնալը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան իր հեղինակութիւնը վերադարձնելը` կառավարական, պետական ու վարչական պաշտօնները յանձնելով ատակ անձնաւորութիւններու:
«Լիբանանի մէջ ոչ մէկ համայնք կամ յարանուանութիւն կրնայ այս կամ այն պետական պաշտօնին մենաշնորհը ունենալ», շեշտեց Սինիորա:



