Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Հաննա Նաշեֆ, կուսակցութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ կուսակցութեան պատասխանատուները երէկ առաւօտեան գուժեցին կուսակցութեան նախկին ղեկավարին` պետական նախարար Ալի Քանսոյի մահը:
Ղովմի կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ 70 տարեկան Ալի Քանսօ ամբողջ հինգ տասնամեակ ծառայած է կուսակցութեան եւ անոր ղեկավարութիւնը ստանձնած ամէնէն զգայուն ու դժուար փուլերուն ընթացքին:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Քանսօ ստանձնած է ազգային ու քաղաքական բարձր պաշտօններ եւ պատասխանատուութեամբ գործած:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին գուժեց Քանսոյի մահը` հաստատելով, որ ան միշտ հաւասարակշռած է քաղաքական իր պատկանելիութեան եւ հանրային ծառայութեան աշխատանքը:
Հարիրի նշեց, որ Քանսօ բարութեան եւ գործակցութեան ուսանելի տիպար էր:
Ալի Քանսոյի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, անոր ծննդավայրին` Տուէյրի մէջ:



