Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պիտի Ընդունի Ժոմպլաթը` Քննարկելու Համար Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

July 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ` քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ այլն:

Հանդիպումներուն կողքին նախագահ Աուն շարունակեց իր խորհրդակցութիւններն ու հաղորդակցութիւնները` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերեալ:

Այս շրջագիծին մէջ նշենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք այսօր կէսօրուան ժամը 12:30-ին հանդիպում մը պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահին հետ:

Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղի եւ Ժեմայէլի խորհրդական Ֆուատ Ապու Նատերի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է լիբանանեան քաղաքացիութեան շնորհումին վերաբերող հրամանագիրը` ներկայացնելով այդ առնչութեամբ իրենց ունեցած մտահոգութիւնները:

Ան նշեց, որ նախագահ Աունին յայտնած են, թէ ան պէտք է սրբագրէ այդ հրամանագիրին վերաբերող սխալները` նկատի ունենալով, որ ան պատասխանատու չէ այդ սխալներուն, «եւ ոչ մէկ ատեն պէտք է կասկածի տակ առնուին հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները», ըսաւ Ժեմայէլ:

Ան շեշտեց, որ նախագահ Աուն խոստացաւ արձանագրուած սխալները ուղղել` դիմելով համապատասխան քայլերուն:

Ժեմայէլ աւելցուց նաեւ, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած են տնտեսական կացութեան մասին իրենց մտահոգութիւնները, յատկապէս եթէ անհրաժեշտ բարեկարգումները չկատարուին:

«Լիբանանցիներն ու Լիբանանը վտանգի ենթակայ պիտի ըլլան, եթէ երկրին տնտեսական կացութիւնը չբարելաւուի, որովհետեւ անիկա բաւական վտանգաւոր է», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք մնայուն խորհրդակցութիւններու մէջ պիտի մնան հանրապետութեան նախագահին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի գործակցին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ` փրկելու համար Լիբանանը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Աքուրայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի:

Քննարկուեցաւ Աքուրայի եւ Եամմունէի միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը, որուն լոյսին տակ նախագահ Աուն ընդգծեց, որ զոյգ գիւղաքաղաքներուն բնակիչները եղբայրներ են` յորդորելով վերջ տալ անոնց միջեւ ծագած տարակարծութիւններուն:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Հաշուապահութեան վկայեալ մասնագէտներու սենտիքան` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Սարգիս Սաքըրի:

Սենտիքան նախագահ Աունին ներկայացուց իր աշխատանքային ծրագիրը, ապա քննարկուեցան Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը յուզող հարցեր:

Նախագահ Աուն մեծապէս գնահատեց սենտիքային աշխատանքը եւ օրէնքներու արդիականացման իմաստով անոնց աշխատանքը, որ կը վերաբերի բոլոր մարզերուն:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց սենտիքան եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` հաստատելով, որ տուրքերու վճարումներէն փախուստ տալու իրականութիւնը լիբանանեան պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը խոցելի դարձուցած է:

Նախորդը

Ֆաթհալի Հրաժեշտի Այցելութիւն Կու Տայ Սէյիտ Նասրալլայի

Յաջորդը

Պասիլ Եւ Ռիաշի Ընդգծեցին Հանդարտութիւնը Պահելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.