Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱԱԼՊԵՔԻ մէջ 12-ամեայ պատանի մը իր հօր ատրճանակին հետ խաղցած պահուն սիրտէն փամփուշտ մը ստացաւ ու մահացաւ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Այն Պաալ գիւղին մէջ վնասազերծեց ձեռնառումբ մը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու պահանջը ազգային հրատապ իրավիճակ մըն է:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը բարելաւուած է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ են:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով Հըզպալլայի շարժումը բացառիկ է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան գծով անելի դիմաց չեն գտնուիր:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հիմնական հարցը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ քրիստոնեայ ներկայացուցչութեան տիրանալու հարցն էր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխան Նաուար Սահիլի հաստատեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ Քուսայրի բնակիչներուն տունդարձը ապահովելու:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա շեշտեց, որ իրենք կ՛ուղղուին դէպի կացութեան հանդարտեցում, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հանդիպումին լոյսին տակ:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ քաղաքապետ Ժամալ Այթանի հաստատեց, որ Պէյրութ կեանքով բաբախուն մայրաքաղաք է` աւելցնելով, որ մայրաքաղաքը տուրքեր պիտի պարտադրէ աղբը աղբանոցներէն դուրս նետելու պարագային:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Լիբանանի կառավարութեան նոր կազմը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան քաղաքական աղբիւրէ մը, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպումէն դրական ոչինչ կը սպասուէր:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի պատասխանատու մը յայտնած է, որ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին գծով իրենք դրական նշոյլներ չեն տեսներ:

 

Նախորդը

Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Հարուածած Է Թուրքիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Գտնուող Ահաբեկիչներու Դիրքերը

Յաջորդը

Շէյխ Քապալան Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.