Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Ռիաշիի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Մանրամասնութիւնները

July 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ընթացաւարտ կառավարութեան տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ռիաշի շեշտեց, որ հանդիպումին մթնոլորտը եղած է բացառիկ, այնպէս ինչպէս եղած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հանդիպումը` նախագահական պալատին մէջ:

Ռիաշի յայտնեց, որ իրենց հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Հարիրիի եւ Ժահժահի միջեւ արձանագրուած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին Ժահժահ վարչապետին ըսած է, թէ նախագահ Աունի հետ իր հանդիպումը շատ դրական ընթացած է:

Աւելի ուշ, Ռիաշի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն համար հիմնականը այն է, որ անոնց միջեւ տարակարծութիւնները հսկայ հարցի մը չվերածուին` միշտ յարգելով երկուքին միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխըմբռնումի համաձայնագիրին էութիւնը:

«Ներկայիս մեր նպատակը կառավարութեան կազմութիւնն է` իւրաքանչիւր քաղաքական ուժին շնորհելով այն կշիռը, զորս արձանագրուած էր երեսփոխանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք», ըսաւ Ռիաշի:

Ան ընդգծեց, որ վարչապետ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները վնասազերծելու:

Ռիաշի նշեց, որ կառավարութեան արգելքները չէզոքացնելու համար յաւելեալ ճիգերու կարիք կայ` աւելցնելով, որ Պաապտայի եւ Հարիրիի միջեւ հարցեր չկան:

«Մենք բոլորս պատասխանատու ենք երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու, եւ այդ մէկը կ՛իրականանայ աշխուժ կառավարութեան մը կազմութեամբ, եւ ինչպէս անցեալին, այսօր ալ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը լայն սրտով պիտի մօտենայ` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը», ընդգծեց Ռիաշի:

Ապու Ֆաուր Կ՛այցելէ Վարչապետին

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ կառավարութեան կազմութեան գծով Հարիրիի ի գործ դրած ճիգերը սկսած են դրական մթնոլորտ մը յառաջացնել: «Մենք կը մաղթենք, որ այդ մթնոլորտը նպաստէ առկախ մնացած հարցերու լուծման», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հարիրի յանձնառու կը մնայ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան, որպէսզի կարենայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմել», ըսաւ ան:

Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իրենց պահանջին, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրած արդիւնքին կը համընկնի:

Ապու Ֆաուր նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Հարիրիի միջեւ հանդիպումը որեւէ ատեն կրնայ կատարուիլ` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ յարաբերութիւնը աւելի քան արարողակարգային է, եւ երկուքին միջեւ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առաջին պատասխանատուն Հարիրին է եւ ան քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններուն միջեւ հասարակ յայտարարները գտնելու համար մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ:

Երեկոյեան տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ տիւրզի համայնքի երեք նախարարները ճշդելու իր իրաւասութեան` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտողները իրենք չեն:

«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ վարչապետ Հարիրի եւ Ռիաշի իրենց հանդիպումին ընթացքին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են նախագահ Աունի հետ եւ համաձայնութիւն գոյացուցած` հանդարտութիւնը պահպանելու:

Նոյն կայանին համաձայն, Հարիրի եւ Ռիաշի Ապու Ֆաուրէն խնդրած են այս համաձայնութեան մասին տեղեկացնել Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը:

ՄԻՒՍ կողմէ, անպաշտօն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ վարչապետ Հարիրի իր կատարելիք ճամբորդութիւնը յետաձգած է:

 

 

 

Նախորդը

Համատէ Յայտարարեց Պաքալորէայի Պետական Քննութեան Յաջողութեան Համեմատութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աունի Եւ Ժահժահի Միջեւ Հանդիպումը Դրական Աւարտեցաւ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.