Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձկնորսներու Հաւաք` Տորայի Նաւահանգիստին Մօտ

August 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Մեթնի ձկնորսներու սենտիքային կազմակերպութեամբ շաբաթ, 18 օգոստոս 2018-ին, տեղի ունեցաւ ձկնորսներու հաւաք մը Տորայի նաւահանգիստին մօտ:

Հաւաքին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Էտի Մաալուֆ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի եւ Ժտէյտէի քաղաքապետներ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Անթուան Ժպարա:

Հանդիպումին ընթացքին խօսք առաւ Հիւսիսային Մեթնի ձկնորսներու սենտիքայի նախագահ Ժան Շաուահ, որ բողոքի ձայն բարձրացուց բոլոր անոնց դէմ, որոնք ծովու ապականումի եւ նեխած ձուկերու մասին քարոզչական արշաւի մը նախաձեռնած են:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ միսէն եւ հաւէն թունաւորուելու պարագաներ կ՛արձանագրուին, սակայն ցարդ ձուկէն թունաւորուելու պարագայ չէ արձանագրուած: «Հետեւաբար մենք բոլոր քաղաքացիները կը հրաւիրենք մեր մօտ` ճաշակելու համար մեր որսացած թարմ ձուկերը», ըսաւ ան:

Շաուահ խստիւ դատապարտեց այլ շրջաններու երեսփոխաններու կողմէ Տորայի նաւահանգիստ յաճախական այցելութիւնները եւ անճիշդ տեղեկութիւններու տարածումը:

Շաուահ հաստատեց, որ Հիւսիսային Մեթնի ձկնորսներու սենտիքան կը պահանջէ ձկնորսներու վիճակին բարելաւումը: Ան պահանջեց, որ պետութիւնը զօրակցի այս մարզին եւ բարելաւէ զայն, ինչպէս նաեւ պահանջեց ձկնորսները Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի անդամ դարձնել:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի իր կարգին յայտնեց, որ ձուկը նեխած չէ, ընդհակառակն` շատ համեղ է, «իսկ եթէ շատ կը փափաքին իմանալ, թէ այս ձուկը ճաշակելէ ետք ի՛նչ եղաւ մեր առողջական վիճակը, թող հետեւին մեզի եւ տեսնեն, որ պիտի չթունաւորուինք: Կոչ կ՛ուղղենք ոմանց հրաժարելու իրենց արձակած մեծ կարգախօսներէն եւ միանալու ժողովուրդին, որուն հետ մենք կ՛ապրինք նոյն երկրին եւ միջավայրին մէջ», ըսաւ ան:

Հաւաքէն ետք ձկնորսներուն ու երեսփոխաններուն համար սարքուեցաւ ձուկի ճաշկերոյթ մը:

 

Նախորդը

Նախարար Ա. Կիտանեանի Կողմէ Յստակեցում

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Քոֆի Անանի Մահուան Սուգին Առիթով

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.