ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ատհայի տօնին առիթով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ` անոնց փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները եւ հաստատելով Լիբանանի մէջ ազգային համակեցութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի Թրիփոլիի մէջ Թաքուա եւ Սալամ մզկիթները թիրախ դարձուցած պայթումներուն հնգամեակին առիթով զօրակցութիւն յայտնեց քաղաքին` հաստատելով, որ իրենք այդ պայթումներուն պատճառած նահատակները պիտի չմոռնան, ինչպէս նաեւ պիտի չմոռնան, որ այդ պայթումներուն մեղսակցած են սուրիական վարչակարգը ներկայացնող երկու սպաներ, որոնք ի բացակայութեան դատավարութեան կ՛ենթարկուին Արդարութեան խորհուրդին կողմէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կիրակի, 26 օգոստոս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ճառ մը պիտի արտասանէ Հերմելի «Թատամոն» մարզադաշտին մէջ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին արձանագրուած յաղթանակին Ա. տարեդարձին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկին:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ ելեկտրականութեան տագնապին հիմնական լուծումին մասին պէտք է մտածել եւ ոչ թէ ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերու կամ ելեկտրածին շարժակներու եւ անոնց ժամացոյցներ միացնելու դասաւորում կատարել` այն տպաւորութիւն ձգելով, որ այդ շարժակներու դրութիւնը յաւերժական պիտի ըլլայ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ թուիթըրեան գրառումով մը յայտնեց, որ ելեկտրականութեան հոսանքին վերաբերող այն նուազուրդը, որուն համաձայնութիւն յայտնեցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները` երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք, նոյն նուազուրդն էր, որուն նկատմամբ մերժողական կեցուածք ցուցաբերած էին օգոստոս 2017-ին: Ապի Խալիլ այցելելէ ետք տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպի, ընդգծեց, որ ան կատարեալ զօրակցութիւն յայտնած է ներկայ իշխանութիւններուն:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ երբ սուրիական վարչակարգը կը պահանջէ լիբանանեան պետութեան հետ բանակցութիւններ կատարել, այդ կը նշանակէ, թէ ան Լիբանանին սուղ վճարել պիտի տայ այդ բանակցութիւններուն գինը:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Քապպարա կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթները պայթումի թիրախ դարձնող յանցագործներուն դէմ վճիռներ արձակելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Մայլզ ընդգծեց Լիբանանի տնտեսական ու ներդրումային աճը երաշխաւորող կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ համախմբում պլոքը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը սկսած է վերածուիլ ազգային տագնապի մը: Պլոքը ընդգծեց, որ իր իրաւունքն է ներկայացուիլ երկու նախարարով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ Լիբանան Սուրիոյ եւ Արաբական աշխարհին հետ ունի տարբեր համաձայնագիրներ, «սակայն այդ համաձայնագիրները անարգողն ու յարաբերութիւնները լաւ չպահողն է, որ մեզի կը մղէ սխալներ գործելու», ըսաւ ան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի ընդգծեց, որ ներկայիս Լիբանանի համար աւելի քան որեւէ ժամանակ կարելի է գործադրել շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ երկիրը մուտք գործէ դէպի տնտեսական մսխումի նոր փուլ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ հարցեր ունի եւ ոչ միայն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ եթէ լիբանանեան քաղաքական ուժերը որոշեն զիջիլ իրենց պահանջներէն, ապա կառավարութիւնը մէկ ժամէն կը կազմուի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն դէպի կառավարութեան կազմութիւն առաջնորդող շարք մը գործիքներ ունի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ մերժած է սէուտական առաջարկ մը, որուն հիման վրայ ան Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ պիտի մնար, պայմանով որ հրաժարէր Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ իր յարաբերութիւններէն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան Մեհրապի համաձայնութեան` մաղթելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնները չխզուին:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթները թիրախ դարձուցած պայթումներուն պատճառած վէրքը բաց պիտի մնայ, մինչեւ որ արդարութեան բանեցումը կարելի չդառնայ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի անդամ Մարիօ Աուն շեշտեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմաց խոչընդոտներ կը զետեղեն` ձախողեցնելու համար ներկայ իշխանութեան ջանքերը: Ան նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը սպասէ «Կանաչ լոյս»-ի մը կամ իրադարձութեան մը, որպէսզի անակնկալ կերպով կառավարութիւն յայտարարէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հընէյն շեշտեց, որ ո՛չ երեսփոխանները եւ ո՛չ ալ հանրապետութեան նախագահը սահմանադրական մակարդակով ի վիճակի են վարչապետի նշանակումը չեղեալ նկատելու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ Թրիփոլի օրըստօրէ ինքզինք կը փաստէ իբրեւ համերաշխութեան քաղաք:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ պատմութեան մէջ կը յիշուին բարեկարգումները եւ ոչ թէ բարեկարգչակայն միտքերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող հանգոյցները ներքին լիբանանեան են եւ ուղղակիօրէն կապուած նոր նախարարաց խորհուրդին մէջ Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն ներկայացուցչութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս հաստատեց, որ յաջորդ կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներու բաժինը պէտք է համազօր ըլլայ խորհրդարանին մէջ անոր ապահոված ներկայացուցչութեան համեմատութեան: