Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ. Պասիլ Եւ Լաւրով Կ՛ընդգծեն Սուրիացի Տեղահանուածներու Ապահով Տունդարձին Անհրաժեշտութիւնը` Մերժելով Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծման Հետ Անոր Առնչութիւնը

Օգոստոս 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիա կը մերժէ լիբանանեան ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները: Ան աւելցուց, որ Պասիլի հետ քննարկած է Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ Ռուսիա Լիբանանի հետ պիտի գործէ` դիւրացնելու համար տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը:

Լաւրով ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը անհրաժեշտ է շրջանին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու համար: Ան կոչ ուղղեց ներքին լիբանանեան տարակարծութիւններն ու հարցերը ներքին լիբանանեան երկխօսութեամբ լուծելու:

Լաւրով ընդգծեց նաեւ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական մարզերուն մէջ: Ան նշեց, որ շրջանի իրավիճակին մասին Լիբանան եւ Ռուսիա գրեթէ նոյն տեսակէտները կը բաժնեն:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն հեռու պէտք է պահել:

Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան կը պահանջէ սուրիացի տեղահանուածներուն արագ եւ ապահով տունդարձը` առանց այդ տունդարձը քաղաքական լուծումի մը հետ առնչելու:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան յստակ ծրագիր ունի տեղահանուածներու տունդարձին առնչութեամբ` աւելցնելով, որ Լաւրովի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի նախաձեռնութիւնը գործադրելու իմաստով:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է ըլլայ Սուրիոյ վերակառուցման մարտկոցը` յայտնելով, որ այդ նպատակով կարեւոր է ամրապնդել Լիբանան-Ռուսիա ռազմավարական գործակցութիւնը:

Պասիլ նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան կը քաջալերէ ռուսական ընկերութիւնները` մասնակցելու Լիբանանի նաւթի եւ բնական կազի պեղման աշխատանքներու նուազուրդին: Ան ըսաւ, թէ այդ ընկերութիւններուն արձանագրելիք յաջողութիւնը պիտի ամրապնդէ շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները առկայ են եւ բնականոն կերպով կ՛ընթանան: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ հարցեր ստեղծելու կարիք չկայ:

Պասիլ նշեց, որ Լիբանան յանձնառու է, որ Սուրիա վերահաստատէ իր միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, որպէսզի ան Լիբանանի համար վտանգի եւ սպառնալիքի չվերածուի:

Պասիլ բարձր գնահատեց սուրիացի տեղահանուածներու վերադարձի Մոսկուայի նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ տեղահանուածներու տունդարձը քաղաքական է: Ան նշեց նաեւ, որ տեղահանուածներու տունդարձին գծով Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գոյութիւն ունի ապահովական բացայայտ համագործակցութիւն` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր սուրիացի տեղահանուածի տունդարձ կ՛ապահովէ թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի գերագոյն շահերը:

Անդրադառնալով Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն` Պասիլ նշեց, որ այդ յարաբերութիւնները հեզասահ կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ ամերիկեան կողմը առանց նախապայմանի կ՛օժանդակէ լիբանանեան բանակին, սակայն Լիբանան պիտի չընդունի, որ ամերիկեան ուժերը զինուորական կամ քաղաքական պայմաններ պարտադրեն բանակին:

Նախորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Համագործակցութեան Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ «Էյ. Եու. Թի.» Համալսարանին Հետ

Յաջորդը

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Քանատայի Փոքր Պիզնեսի Եւ Արտահանման Խթանման Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?