«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ կատարուած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին զինուորական եւ դիւանագիտական զարգացումները: Նոյն օրաթերթը գրած է, թէ Զուիցերիոյ նախագահ Ալեն Պերսեթ շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Պէյրութ, իսկ այսօր` երկուշաբթի, 27 օգոստոս 2018-ին, ան հանդիպում մը պիտի ունենայ նախագահ Աունի հետ` երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հիմնական նպատակով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք պատասխանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային` ընդգծելով, որ չկան յստակ ու շօշափելի հաշիւներ, որոնց համաձայն, այս ժամանակաշրջանը ըլլայ Իրանի յաղթանակներու ժամանակաշրջանը:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ հաստատեց, որ կայ օգտագործուած ամբողջական ոճ մը, որ Լիբանանը հասցուցած է իր ներկայ իրավիճակին:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան մէջ քրիստոնեայ համայնքի վերականգնուած դերակատարութիւնը չմսխելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը յաջողցնելու առումով ոչ մէկ նշոյլ գոյութիւն ունի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք չեն նախատեսեր, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ ըլլայ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութեան գծով երկխօսութիւնը շարունակելու եւ պահանջներուն մէջ աւելի ճկուն ըլլալու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապաշ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի շարունակէ կազմել կառավարութիւն մը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ յարաբերութիւնները չի բնականոնացներ: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տեղքայլի մէջ է:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը շաբաթավերջին թռիչքներ գործեց Մազարեհ Շեպաայի վերեւ: «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր Արքուպի, Հասպայայի եւ Շէյխ լերան վրայ թռիչքներ կատարեցին` խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ հեզասահ յարաբերութիւնները կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը չեն արգելակած: Ան աւելցուց, որ ոմանք երկկողմանի այդ յարաբերութիւնները պատճառաբանութիւն կը նկատեն իսկական խոչընդոտողներուն ինքնութիւնը ծածկելու նպատակով: Քաուք ընդգծեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահին ջանքերուն` նկատի ունենալով, որ ան կառավարութեան կազմութեան իսկական երաշխիքն է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց նախարարութեան կատարելիք դիւանագիտական նշանակումները խանգարուած են` վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ անոր պահանջած բարենորոգումներուն պատճառով: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտուած է արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի պատճառով: Իր կարգին, Պասիլ յայտնած է վարչապետ Հարիրիին, թէ յաջորդ կառավարութեան մէջ Հզօր Լիբանան համախմբումը 11 նախարար կը պահանջէ, այլապէս` ան կը դառնայ ընդդիմութիւն:
«Ախպար» գրած է նաեւ, թէ Հըզպալլա սուրիական իշխանութիւններէն ստացած է պաշտօնական պահանջ մը` իր ուժերը յաւելեալ ժամանակի համար Սուրիոյ մէջ պահելու իմաստով:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն քաջ գիտէ, որ Սուրիոյ հետ փոխըմբռնումը պահելուն մէջ լիբանանեան շահեր կան: Ան նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ նախագահ Աունի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կը ծառայէ լիբանանեան-սուրիական միացեալ շահերուն:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի խորհրդատու Միրէյ Աուն-Հաշեմ հաստատեց, որ ներկայ իշխանութեան առաջնահերթութիւններն են պահպանել Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ դատական կայունութիւնը:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա կը փափաքի Լիբանանի վերաբերող պարտականութիւն մը ստանձնել, որպէսզի լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ դառնայ: Ան շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը քաղաքական գործողութենէն անջատելու քայլը Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին վստահուած է ներկայ իշխանութեան գործունէութիւնը հարուածելու եւ յաջողութիւնը խոչընդոտելու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահը տկարացնելու պարտականութիւնը:
«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, հաստատեց, որ սեպտեմբեր ամիսը վերջնական եւ վճռորոշ պիտի ըլլայ նոր կառավարութեան կազմութեան հարցով:


